Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դնելու հասարակաց շահ ունին, նոյնիսկ եթէ այդ խմբաւորման դէմ զինուորական համակարգում չկատարեն: «Մենք առնուազն հասարակաց շահ ունինք, սակայն ոչ գործակցութիւն», ըսաւ ան:
Քերրի ըսաւ, որ Իրան յարգած է Ժընեւի համաձայնութեան հիմամբ իր կատարած խոստումները, եւ նշեց. «Մենք նստելով բանակցելու այս արկածախնդրութիւնը ընդունեցինք` տեսնելու համար, եթէ այս հարցը դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու կարելիութիւն կա՞յ, թէ՞ ոչ»` աւելցնելով. «Իրանի հետ բանակցութիւնները կ՛արժէ փորձել նախքան խիստ միջոցառումներու դիմելը»:
Քերրի նաեւ նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու թերեւս կը սխալի` նշելով, որ վերջինս հարցերու շուրջ գնահատական մը ունի, որ այս հարցին մէջ ճիշդ չէ: Ան ըսաւ, որ Նեթանիահու մեծ չափով կարճատես է: