Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ Դարձեալ Երկու Եկեղեցի Կը Հրկիզէ, Ինչպէս Նաեւ Ասորիներ Կ՛առեւանգէ

Փետրուար 25, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22415_isisՄարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ Սուրիոյ Հասաքէ նահանգին մէջ ՏԱՀԵՇ իր զինեալներուն եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու միջեւ բուռն բախումներու թատերաբեմ դարձած Թել Թամր գիւղին մօտ գտնուող Թել Շամիրամ եւ Թել Հըրմոզ գիւղերէն շուրջ 90 ասորիներ առեւանգած է: «Մայատին» կը հաղորդէ, որ տասնեակներով ասորիներ զոհ գացած են Արեւմտեան Հասաքէի մէջ մեծագոյն ասորական գիւղերէն Թել Թամրի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու գործած ջարդերուն, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր ուրիշներ փախուստ տուած են Սուրիոյ բանակին կամ քիւրտերուն վերահսկողութեան տակ գտնուող մօտակայ շրջաններ: Ըստ ապահովական աղբիւրի մը, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները առեւանգած են աւելի քան 200 ասորիներ, որոնց մեծամասնութիւնը` կիներ ու մանուկներ, եւ զանոնք տարած անորոշ ուղղութեամբ: Աղբիւրը այն մտավախութիւնը կը յայտնէ, որ հաւաքական սպանդ տեղի ունենայ:

ՏԱՀԵՇ այս ամսուան սկիզբէն ի վեր բուռն յարձակում մը շղթայազերծած է Խապուր գետի երկայնքին գտնուող շարք մը ասորական գիւղերու դէմ: Շրջանին մէջ քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերը, Ասորական զինուորական խորհուրդի զինեալները եւ ժողովրդային պաշտպանութեան յանձնախումբերը դէմ կը դնեն յարձակումին:

«Նաշրա» կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ Թել Թամրի մէջ հրկիզած է Ռպան Մաթիու եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Շամիյէի մօտ գտնուող Մար Ժըրժըս եկեղեցին:

Յիշեցնենք, որ ՏԱՀԵՇ մէկ օր առաջ եւս Թել Հըրմոզ եւ Թել Շամիյէ գիւղերուն դէմ յարձակում գործելէ եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնը տեղահանելէ ետք` նշեալ գիւղերուն մէջ երկու եկեղեցի հրկիզած էր:

Նախորդը

Տաւութօղլու Սուրիոյ Մէջ Կատարուած Գործողութիւնը Զինուորներու Անվտանգութեան Ապահովման Անհրաժեշտութիւն Կը Նկատէ

Յաջորդը

Ժոմպլաթ – Սէյիտ Ֆատլալլա Հանդիպում

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?