Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Ժընեւի Մէջ Եմէնի Հարցով Ժողով Գումարելու Քի Մունի Նախաձեռնութեան

May 22, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-21-15_YemenՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն 28 մայիսին Ժընեւի մէջ Եմէնի հարցով երկխօսութեան նիստ գումարելու նախաձեռնութեան մը դիմեց: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը զօրակցեցաւ անոր առաջարկին:

Ապահովութեան խորհուրդի անդամները մտիկ ըրին Եմէնի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Խալետ Եամանիի` Եմէնի մէջ Քայիտայի ներկայացուցած վտանգին վերաբերեալ զգուշացումներուն:

Քի Մունի բանբերի տեղակալ Ֆարհան Հաք յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նախաձեռնութեան նպատակը եմէնեան կառավարութեան անդամ բոլոր կողմերը եւ այլ առնչակից դերակատարները մէկ սեղանի շուրջ հաւաքելն է` աւելցնելով, որ Քի Մունի անձնական պատուիրակ Իսմայիլ Ուալատ Շէյխ Ահմետ համապարփակ խորհրդակցութիւններ կատարած է` հիմնուելով Ապահովութեան խորհուրդի եմէնեան ղեկավարութեամբ քաղաքական հոլովոյթին վերաբերեալ որոշումներուն վրայ:

Ժընեւի մէջ ժողովի հրաւէրներ յղուած են նաեւ շրջանային կազմակերպութեանց եւ առնչակից պետութեան, եւ միջազգային պատուիրակը խորհրդակցութիւններ կատարելու համար պիտի ուղղուի Թեհրան:

Սէուտական Արաբիա վերապահութիւն յայտնած է Ժընեւի ժողովին նկատմամբ: ՄԱԿ-ի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտալլա Ալմոալլեմի յայտնած է, որ մարդասիրական զինադադարի որոշումը կը պատկանի Ռիատի մէջ արաբական դաշնակից ուժերու ղեկավարութեան, իսկ Քի Մունի գործունէութեան մասին հարցումին պատասխանելով ըսած է. «Ատիկա իրեն կը վերաբերի»:

Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Ռիմոնտա Մորմոքէյթի յայտնեց, որ խորհուրդի անդամները կը վերահաստատեն այդ բանակցութեանց առանց նախապայմաններու, բարի կամեցողութեամբ ներկայ գտնուելու եւ իրենց տարակարծութիւնները երկխօսութեան ու խորհրդակցութեան ճամբով լուծելու եմէնեան կողմերուն իրենց ուղղուած հրաւէրը:

Միւս կողմէ, եմէնեան բանակը մասնակից դարձաւ Սէուտական Արաբիոյ հետ սահմանին վրայ ընթացող բախումներուն, որոնք ընդլայնելով ներառեցին Սաատայի հետ սահմանակից սէուտական այլ շրջաններ:

Մինչ եմէնեան ցեղախումբերու զինեալներ գրաւեցին Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ռատիֆ լեռը եւ սէուտական բանակին պատկանող շարք մը զինուորական մեքենաներ հրկիզեցին, արաբական դաշնակից ուժերը ռմբակոծեցին Սանաայի Ժատր շրջանին մէջ գտնուող արհեստից վարժարանը, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքի հիւսիսային եւ արեւելեան շրջանները:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա. Քաղաքապետի Մը Դէմ Մահափորձ, Իսկ Իշխող Կուսակցութեան Կեդրոնի Մը Մօտ` Ձայնային Ռումբ

Յաջորդը

Փենթակոն. «ՏԱՀԵՇ-Ի Դէմ Պատերազմի Ամերիկեան Ռազմավարութիւնը Չէ Փոխուած»

RelatedPosts

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի  Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր  Ժողովներ Գումարուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր Ժողովներ Գումարուած Են»

September 23, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»
Միջազգային

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»

September 23, 2026
Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի,  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.