Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա. Քաղաքապետի Մը Դէմ Մահափորձ, Իսկ Իշխող Կուսակցութեան Կեդրոնի Մը Մօտ` Ձայնային Ռումբ

May 22, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-21-15_AKPԵրէկ Մերտինի մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական կեդրոնին մօտ ձայնային ռումբ մը պայթեցաւ, ինչ որ ճամբեզրին կանգ առած ինքնաշարժներուն վնասներ պատճառեց:

Ոստիկանութիւնը յանցագործները ձերբակալելու ջանքով մը անմիջապէս հասաւ դէպքին վայրը, հետաքննութեան ձեռնարկեց եւ ընտրական կեդրոնին մօտ գտնուող շարք մը բնակարաններ խուզարկեց:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ Կիւրսուի քաղաքապետ Ճիւնէյթ Եըլտըզ մահափորձի ենթարկուելով ծանրօրէն վիրաւորուած է: Ան անդամ է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան:

Ըստ լրատուամիջոցներու, անոր աշխատասենեակը ներխուժած է ինքզինք իբրեւ իրաւապահ ներկայացնող անծանօթ մը եւ կրակ բացած քաղաքապետին ու անոր թիկնապահին վրայ, ապա յաջողած է խոյս տալ:

Ոստիկանութիւնը հետախուզութեան ձեռնարկած է: Վիրաւորները տեղափոխուած են տեղւոյն հիւանդանոց:

Կիւրսու կը գտնուի Թուրքիոյ արեւմուտքը` Պուրսա նահանգին մէջ: Սղերթի Վէյսելքարանի քաղաքին մէջ նաեւ հրկիզուած է իշխող կուսակցութեան ընտրական գրասենեակը:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնները «համագործակցեցան» 18 մայիսին Մերսինի եւ Ատանայի մէջ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երկու կեդրոններուն դէմ ականահարման հարցով:

Ան նշեց, որ երկու կուսակցութիւնները նոյնպիսի յայտարարութիւններ հրապարակելով ամբաստանած են Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը: Տաւութօղլու նաեւ ըսաւ, որ յարձակումէն քանի մը ժամ ետք Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու եւս իշխող կուսակցութիւնը ամբաստանող յայտարարութիւն կատարեց: Ան ըսաւ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը «երբեք մեղսակից պիտի չըլլայ արարքներու, որոնք կրնան վտանգել ընտրական հոլովոյթը»:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը «Ըմբռնումով» Մօտեցած Է Ռիկայի Վեհաժողովէն Ալիեւի Բացակայութեան

Յաջորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Ժընեւի Մէջ Եմէնի Հարցով Ժողով Գումարելու Քի Մունի Նախաձեռնութեան

RelatedPosts

Քաց. «Իրանի Դէմ Պատերազմը  Պիտի Շարունակուի Անորոշ Ժամանակով»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Իրանի Դէմ Պատերազմը Պիտի Շարունակուի Անորոշ Ժամանակով»

March 12, 2026
Պենեթ. «Իսրայէլ Իրանէն Ետք Կրնայ  Թուրքիոյ Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծել»
Միջազգային

Պենեթ. «Իսրայէլ Իրանէն Ետք Կրնայ Թուրքիոյ Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծել»

March 12, 2026
«Ետիոթ Ահրոնոթ» Կը Հաղորդէ.  Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին Ծախած Է Թուրքիոյ  Սեփականութիւնը Եղող Ընկերութեան Մը  Կողմէ Արտադրուած 27.000 Ռումբեր
Միջազգային

«Ետիոթ Ահրոնոթ» Կը Հաղորդէ. Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին Ծախած Է Թուրքիոյ Սեփականութիւնը Եղող Ընկերութեան Մը Կողմէ Արտադրուած 27.000 Ռումբեր

March 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.