Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիա Կը Կասեցնէ Իր Մասնակցութիւնը Շենկենի Համաձայնագիրին

September 15, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Germany_9-14-15

«Տեր Շփիկըլ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմաս տէ Մեզիեր յայտարարած է, որ Գերմանիա հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն գաղթականներու ներհոսքին պատճառով կը վերականգնէ սահմանային հսկողութիւնը:

Առանձնակի ուշադրութիւն պիտի դարձուի Աւստրիոյ վրայ: «Տեր Շփիկըլ»-ի տուեալներով` կառավարութիւնը կը քննարկէ սահման զինուորներ ուղարկելու կարելիութիւնը:

«Այս միջոցառումները նպատակաուղղուած են այն բանին, որ կրճատուի գաղթականներու հոսքը եւ վերականգնի եկուորներու արձանագրման բնականոն ընթացակարգը», յայտարարած է նախարարը:

Այդ միջոցառումները կը հակասեն շենկենեան գօտիի սկզբունքներուն, որոնք քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժ կը նախատեսեն: Սակայն «հասարակական կամ ազգային անվտանգութեան» նպատակներով երկիրները կրնան ժամանակաւորապէս վերականգնել սահմանային հսկողութիւնը:

Այժմ սահմանը անարգել կրնան անցնիլ միայն Եւրոպական Միութեան քաղաքացիները եւ այն մարդիկ, որոնք ունին համապատասխան փաստաթուղթեր:

Գերմանիան գլխաւոր նպատակակէտն է գաղթականներուն, որոնք ամէն օր հազարներով կը հասնին Եւրոպա: Նախապէս երկրին իշխանութիւնները կը յայտարարէին, որ պատրաստ են ընդունելու բոլոր փափաքողները, սակայն այժմ Գերմանիոյ երկրամասերուն մէջ կը յայտարարեն, որ արդէն ի վիճակի չեն կառավարելու մարդոց հոսքերը:

Գերմանիոյ փոխվարչապետ, տնտեսութեան նախարար Զիկմար Կապրիել 13 սեպտեմբերին յայտարարած է, որ երկիրը մօտեցած է եկուորներու որդեգրման իր կարելիութիւններուն առաւելագոյնին:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութիւնը երէկ արտօնեց Միջերկրական ծովուն մէջ գաղթականներ մաքսանենգողներուն դէմ ուժի կիրարկումը:

Հունգարիոյ եւ Աւստրիոյ հետ սահմանին հսկողութիւնը ժամանակաւորապէս վերականգնեց նաեւ Սլովաքիան:

 

Նախորդը

Քոնկրեսին Ներկայացուած Է Միջին Արեւելքի Փոքրամասնութիւններու Ճնշումը Ցեղասպանութիւն Նկատող Բանաձեւ Մը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը «Խիստ Վիրաւորական» Բնութագրած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.