Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Տագնապի Քաղաքական Լուծման Մուտքի Դարպասն Է» Կ՛ըսէ Մուալլեմ

September 18, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

De-Mistura-Muallem_9-17-15

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ իր հանդիպումին ընթացքին շեշտեց. «Առաջնահերթութիւնը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցն է, որովհետեւ տագնապի քաղաքական լուծման մուտքի դարպասն է եւ կը բաւարարէ սուրիացի ժողովուրդի ապահովութեան ու կայունութեան հաստատման ձգտումները»:

Ան ընդգծեց երկու կողմերուն միջեւ այդ հարցին շուրջ խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջանային ու միջազգային ջանքերուն համակարգումն ու ահաբեկչական կազմակերպութեան աջակցող պետութիւններուն այդպիսի աջակցութեան ցուցաբերման արգիլումի կարեւորութիւնը:

Սուրիական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ իր երկիրը պիտի սերտէ Տը Միսթուրայի ներկայացուցած գաղափարները` անոր նախաձեռնութեան նկատմամբ յարմար կեցուածք որդեգրելու համար:

Տը Միսթուրա հանդիպումին ընթացքին պատասխաններ ներկայացուցած է սուրիական կողմին ներկայացուցած հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման գոյացման աշխատանքային խմբակի ստեղծման անոր առաջարկին: Ան նշած է, որ այդ խմբակին հանդիպումները պարզապէս յղանալու համար են գաղափարներ, որոնք պարտադիր չեն եւ կարելի է զանոնք օգտագործել «Ժընեւ-3»-ի պատրաստութեան ընթացքին սուրիացիներուն միջեւ համաձայնութեան ծիրին մէջ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ ծովային, ցամաքային կամ օդային տարածքին մէջ առանց սուրիական կառավարութեան արտօնութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով որեւէ երկրի զինեալ ուժերու ներկայութիւնը կը նկատուի սուրիական գերիշխանութեան ոտնակոխում:

 

 

 

Նախորդը

Ըստ «Հայաթ» Օրաթերթին. Իրաքեան Ապահովական Մարմինները Կը Սպասեն Միջնորդութեանց Ճամբով Թուրք Աշխատաւորներու Ազատ Արձակման

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Կասեցնէ Եւրոպական Միութեան Հետ Միջխորհրդարանական Համագործակցութիւնը

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.