Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տակաւին Կանուխ Է Գնահատական Տալ Տեղահանուածներու Հոսքը Կանխարգիլելու Համար Թուրքիոյ Գործողութիւններու Ծրագիրին» Կ՛ըսէ Թուսք

Դեկտեմբեր 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տոնալտ Թուսք
Տոնալտ Թուսք

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յայտարարած է, որ տակաւին կանուխ է, որ Եւրոպական Միութիւնը գնահատական տայ գաղթականներու ճգնաժամին դէմ պայքարի միացեալ նախագիծի ծիրին մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններու արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ:

Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա վեհաժողովի ընթացքին` 29 նոյեմբերին, որդեգրուած էր վերջնական որոշում մը, ըստ որուն, Թուրքիան պէտք է աջակցէր դէպի Եւրոպական Միութիւն տեղահանուածներու հոսքի կրճատման ու աւելի լաւ պայմաններ ապահովէր զանոնք Թուրքիոյ մէջ պահելու համար` 3 միլիառ եւրոյի, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու բանակցութիւններու վերսկսման եւ այցեգիրներու ազատականացման դիմաց:

«Այսօր չափազանց կանուխ է լաւատեսական կամ ոչ լաւատեսական գնահատական տալու համար: Մենք պէտք է սպասենք մինչեւ որ իրատեսական գնահատական ըլլայ, թէ արդեօք արդիւնաւէ՞տ են Թուրքիոյ գործողութիւնները», լրագրողներուն ըսած է Թուսք:

«Եւրոպական Միութեան Մէջ Մնալու Բրիտանիոյ
Կարգ Մը Պայմանները Անընդունելի Են»

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան նախագահ Տոնալտ Թուսք Եւրոպական Միութեան իր անդամակցութիւնը շարունակելու համար Բրիտանիոյ ներկայացուցած կարգ մը պայմանները նկատեց «անընդունելի»:

Թուսք ըսաւ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն եւրոպացիներէն պահանջած է «Եւրոպական բարեփոխումներ»-ու շարք մը, որուն զուգահեռ իր երկրին միութեան անդամակցութեան շուրջ 2017-ի վերջաւորութեան հանրաքուէ կատարելու քարոզարշաւ կը մղէ:

Ան աւելցուց.«Անդամ պետութեանց կառավարութիւններու ղեկավարներն ու նախագահները պիտի քննարկեն բրիտանական պայմաններն ու պահանջները»` նշելով.«Եթէ Քամերոն գոհացուցիչ լուծումներ գտնելու համար մեզի հետ գործակցի, թերեւս կրնանք յառաջիկայ փետրուարին գոյացնել համաձայնութիւնը»:

 

Նախորդը

Ուշաքով. «Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Եւ ՀԱՊԿ-ի Վեհաժողովներուն Ընթացքին Կրնայ Արծարծուիլ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Հարցը»

Յաջորդը

Ըստ Թուրքիոյ Վարչապետարանէն Պաշտօնատարներու. Թուրքիա-Իսրայէլ Հանդիպումները Կը Շարունակուին Դրական Ընթացքով

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?