Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա. «Յաւելեալ Ուժեր Պիտի Հեռացնենք Իրաքէն»

December 21, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkey-Iraq_122015

Թուրքիա յայտարարեց, որ անցեալ շաբաթ կատարուած մասնակի հեռացումէ մը ետք, յաւելեալ ուժեր պիտի հեռացնէ հիւսիսային Իրաքէն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաստատեց, որ թրքական ուժերու տեղակայման հարցին շուրջ Իրաքի հետ «անհասկացողութիւն» մը գոյութիւն ունի:

«Թուրքիա… կը հաստատէ թրքական պաշտպանութեան ուժերու տեղակայման շուրջ Իրաքի կառավարութեան հետ անհասկացողութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով. «Թուրքիա, ճանչնալով իրաքեան մտահոգութիւնները եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի կարիքներուն համաձայն, կը շարունակէ անհասկացողութեան աղբիւր դարձած իր զինուորական ուժերը հեռացնել Նինուէ նահանգէն»:

Հաղորդագրութիւնը չի նշեր հեռացուող ուժերուն թիւը կամ չի ճշդեր, թէ ո՛ւր կը մեկնին անոնք:

Մէկ օր առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին անոր կոչ ուղղած էր «լրացուցիչ քայլերու ձեռնարկելու` Իրաքի հետ լարուածութեան մեղմացման նպատակով, ներառեալ` շարունակել թրքական զօրքերու հեռացումը»:

Երկու ղեկավարները համաձայնած էին շարունակել աշխատանքը այդ ուղղութեամբ եւ համակարծիք էին, որ Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան եւ Իրաքը պէտք է ձեռնարկեն միացեալ ջանքեր` լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ զինուորական գործողութիւնները համակարգելու համար:

Իրաքի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստ է «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ջանքերը համակարգելու համար» Իրաքի հետ գործակցելու: Դեսպանատունը հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց. «Թուրքիա կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Իրաքի գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան եւ պիտի շարունակէ իր ուժերը հեռացնել Նինուէէն»:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Պոլսոյ Մէջ Հանդիպում Կ՛ունենայ Մաշաալի Հետ

Յաջորդը

«Ռուսիա Սուրիոյ Մէջ Իր Գործողութիւններուն Ընթացքին Շատ Աւելին Ընելու Կարողութիւնը Ունի» Ըսաւ Փութին

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.