Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը երեքշաբթի օր հաղորդած է, որ Սէուտական Արաբիոյ միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնութեան մը ծիրին մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւնները շուտով Ապտել Ֆաթթահ Սիսին պիտի ճանչնան իբրեւ Եգիպտոսի նախագահ, եթէ Իսլամ եղբայրներուն դէմ արձակուած մահապատիժի վճիռը ջնջուի:
Ըստ «Ճումհուրիյէթ»-ի, Անգարա եւ Գահիրէ բնագիրի մը վրայ կ՛աշխատին, եւ քննարկումներուն ու բանակցութիւններուն քաջածանօթ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ համաձայնութիւն մը մօտալուտ է:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ միջնորդութեան ջանքերուն մասնակից դարձած են նաեւ Իսրայէլն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները եւս սկսած են ջերմանալ: Վերջինս կը պատրաստուի Անգարայի մէջ նոր դեսպան մը նշանակելու, պաշտօն մը, որ 2013-էն ի վեր թափուր կը մնայ` իբրեւ բողոք Թուրքիոյ բուռն ընդդիմութեանը Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումին, որ կը վայելէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զօրակցութիւնը: