
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Տաւոսի մէջ «Սի.Էն.Էն.»-ի աշխատակից Ճոն Տեֆթերիոսի պատրաստած ուժանիւթի ճգնաժամին նուիրուած հաղորդումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ իր երկիրը պատրաստ չէ եղած քարիւղի եկամուտներու այսպիսի կտրուկ նուազումին:
«Մենք «յետքարիւղային» ժամանակաշրջանին կը սպասէինք ոչ թէ այժմ, այլ 20 տարի ետք: Քարիւղի գիներու շարունակական անկումը հոգեբանօրէն խիստ ճնշող է», նշած է ան եւ յոյս յայտնած, որ իրենք պիտի յաջողին յաղթահարել ստեղծուած բարդ իրավիճակը:
Ալիեւ նաեւ խոստովանած է, որ ազգային դրամանիշի` մանաթի փոխարժէքը արհեստականօրէն բարձր պահուած է, եւ երբ մանաթը գրեթէ երկու անգամ արժեզրկուած է, «մարդիկ ատոր պատրաստ չեն եղած»:
Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, քարիւղի գինի ապագային հետ կապուած Ալիեւը յոյս յայտնած է, որ տարուան երկրորդ կէսէն սկսեալ քարիւղի գինը պիտի սկսի բարձրանալ եւ 2017-ին պիտի կազմէ 60-70 տոլար:
Ազրպէյճանական մանաթը ամերիկեան տոլարին նկատմամբ վերջին մէկ տարուան ընթացքին գրեթէ 100 առ հարիւրով արժեզրկուած է: Ազրպէյճանի մէջ բոլոր մարզերուն մէջ գիներու բարձրացումներ սկսած են: Վերջին օրերուն Ազրպէյճանի ամբողջ տարածքին սղաճին դէմ բողոքի ցոյցեր սկսած են:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ազրպէյճանի արտածումներուն 95 առ հարիւրէն աւելին կը կազմէ կազը, քարիւղը եւ քարիւղային մթերքները, իսկ երկրի պետական պիւտճէն 75 առ հարիւրով կը ձեւաւորուի ուժանիւթի արտածումէն գոյացած եկամուտներու հիմամբ, համախառն ներքին արտադրութեան 40 առ հարիւրը կը կազմէ քարիւղը:
Ազրպէյճանի 2016-ի պետական պիւտճէին մէջ քարիւղի գինը մէկ տակառի համար նախատեսուած է 50 տոլար: Ներկայիս ատիկա արդէն պետական պիւտճէին մէջ նախատեսուածէն շուրջ 20 տոլարով ցած է: Ներկայիս Պաքուի «սեւ շուկային մէջ» ամերիկեան մէկ տոլարը կը գնուի 2 մանաթով, իսկ որոշ պարագաներու` 3-4 մանաթով: