Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեք Միլիառ Եւրոն Տեղահանուածներու Տագնապին Դիմակայման Համար Բաւարար Չէ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

January 23, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու զգուշացուց Եւրոպական Միութիւնը, որ խոստացուած 3,2 միլիառ եւրոյի գումարը թերեւս բաւարար չըլլայ տեղահանուածներու ճգնաժամին դիմակայման համար:

Տաւութօղլու գերմանական լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ գաղթականներու տագնապին արմատը Թուրքիան կամ Թուրքիոյ առնչուող որեւէ բան չէ: «Թուրքիան ամէնէն շատ ազդուող երկիրն է: Մենք տագնապը չենք արտածեր, այլ` տագնապը դէպի Թուրքիա արտածուեցաւ եւ այժմ վերածուած է եւրոպական տագնապի», ըսաւ Թուրքիոյ վարչապետը:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս շեշտեց, որ Եւրոպան չի կրնար իր սահմաններուն հասնող գաղթականներուն թիւը դիմակայել, եւ «տեղահանուածներու հոսքը կը վտանգէ Եւրոպական Միութեան գաղափարը»: «Չենք կրնար ըսել կամ ընդունիլ, որ իւրաքանչիւր տեղահանուած… Եւրոպայի մէջ բարով եկած է», ըսաւ ան:

Ֆրանսայի վարչապետը յայտնեց. «Գաղթականներու տագնապը Եւրոպական Միութեան կայունութեան համար վտանգ կը ներկայացնէ, եւ պէտք է միութեան սահմաններուն վրայ աւելի խիստ միջոցառումներ որդեգրել»: «Եւրոպան պէտք է պատգամ մը փոխանցէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի փոխանցածէն, որ իր գործընկերներուն կոչ ուղղեց գաղթականներու բաժիններ ընդունելու», յայտնեց Վալս:

«Գերմանիան մեծ մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ: Պէտք է օգնենք Գերմանիոյ: Սակայն առաջնահերթ պատգամը, որ այժմ պէտք է ամենայն խստութեամբ փոխանցենք, այն է, որ բոլոր գաղթականները Եւրոպայի մէջ պիտի չընդունինք, որովհետեւ այն պատգամը, որ կ՛ըսէ` եկէք եւ մենք ձեզ պիտի հիւրընկալենք, մեծ վերիվայրումներ կը յառաջացնէ», նշեց Ֆրանսայի վարչապետը:

 

Նախորդը

«Ազրպէյճան Պատրաստ Չէր Քարիւղի Եկամուտներու Այսպիսի Նուազման» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

«Ժընեւի Մէջ Միջսուրիական Հանդիպումը Պիտի Սկսի Անուղղակի Բանակցութիւններով» Կ՛ըսէ Քերրի

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.