Միջազգային

1921-ի Ռուս-Թրքական Բարեկամութեան Մասին  Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկ.  «Անգարա Գիտէ, Թէ Մոսկուայի Հետ  Յարաբերութիւնները Վերականգնելու  Համար Ի՛նչ Պէտք Է Ընէ»  Կ՛ըսէ Մեշքով

1921-ի Ռուս-Թրքական Բարեկամութեան Մասին Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկ. «Անգարա Գիտէ, Թէ Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւնները Վերականգնելու Համար Ի՛նչ Պէտք Է Ընէ» Կ՛ըսէ Մեշքով

Ալեքսէյ Մեշքով Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսէյ Մեշքով յայտարարեց. «Անգարա գիտէ, թէ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար ճիշդ ի՛նչ պէտք է ընէ»: «Թուրքիան պէտք է փոխհատուցում կատարէ անցեալ 24 նոյեմբերին ռուսական «Սու-24» օդանաւը վար առնելուն համար, ներում հայցէ եւ խոստանայ այսպիսի յարձակումներ չգործել», ըսաւ ան: «Լարուածութիւնը մագլցումի մղելու եւ Ռուսիոյ դէմ շինծու ամբաստանութիւններ ուղղելու փոխարէն, թուրքերը պէտք է հայելիին նային...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը  Դատապարտեց Հիւսիսային  Քորէայի Կողմէ Հրթիռարձակումը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Դատապարտեց Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Հրթիռարձակումը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հրթիռի արձակումը եւ խոստացաւ «լրջագոյն միջոցներու» ձեռնարկել ի պատասխան Փիոնկեանկի կողմէ միջազգային կազմակերպութեան որոշումներու խախտման: Վենեզուելայի դեսպան Ռաֆայէլ Տարիօ Ռամիրես, որ այս ամիս կը նախագահէ Ապահովութեան խորհուրդին, լրագրողներուն յայտարարած է, որ «Ապահովութեան խորհուրդի անդամները վճռականօրէն դատապարտեցին այդ արձակումը»` աւելցնելով, որ այդ արձակումը «Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներու լուրջ խախտում էր»:...

«Ասատի Վարչակարգն Ու Իրանը Չեն  Ուզեր Խաղաղ Ճամբով Լուծում Մը»  Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

«Ասատի Վարչակարգն Ու Իրանը Չեն Ուզեր Խաղաղ Ճամբով Լուծում Մը» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու նշեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգն ու Իրանը չեն ուզեր խաղաղ ճամբով լուծում մը»` աւելցնելով. «Գաղթականներու հարցին պատասխանատուները սուրիական վարչակարգն ու Ռուսիան են»: Ան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ Անգարայի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Երբ պատուիրակութիւնները Ժընեւի մէջ ժողով կը գումարէին, ռուսական օդանաւերը, Ասատի ուժերը Իրանէն եւ Լիբանանէն օտար ուժերու մասնակցութեամբ...

Այսօր Թեհրանի Մէջ Կ՛աւարտին  Իրան-Եւրոպական Միութիւն Բանակցութիւնները

Այսօր Թեհրանի Մէջ Կ՛աւարտին Իրան-Եւրոպական Միութիւն Բանակցութիւնները

  «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ երէկ Թեհրանի մէջ ընթացք առին Եւրոպական Միութեան եւ Իրանի միջեւ երկօրեայ բանակցութիւնները: Եւրոպայի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի տեղակալ Հելկա Շմիթի գլխաւորութեամբ եւրոպական պատուիրակութիւնը հասաւ Թեհրան` համագործակցութեան մասին բանակցութիւններ կատարելու համար: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի բաժանմունքի ղեկավար Մաժիտ Թահթ Ռաւանչի նշեց, որ կը նախատեսուի այսպիսի բանակցութիւններ կատարել վեց ամիսը անգամ մը` Թեհրանի...

Հիւսիսային Քորէա Արբանեակի Յաջող  Արձակում Մը Կատարեց, Միջազգային  Ընտանիքը Կը Դատապարտէ

Հիւսիսային Քորէա Արբանեակի Յաջող Արձակում Մը Կատարեց, Միջազգային Ընտանիքը Կը Դատապարտէ

Հիւսիսային Քորէան 7 փետրուարին հրթիռ մը արձակելով «Քվանմենսոն 4» արբանեակը հասցուցած է Երկրի ուղեծիր: Այդ քայլը Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի եւ շարք մը այլ երկիրներու կողմէ նկատուեցաւ հեռահար հրթիռի փորձարկում: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ կը սպասուի, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այդ հարցով արտակարգ նիստ մը գումարէ: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Հիւսիսային Քորէային կոչ ուղղած է «դադրեցնելու սադրիչ...

Էրտողան Ապարդիւն Կերպով Կը Փորձէ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն  Հաստատել Փութինի Հետ

Էրտողան Ապարդիւն Կերպով Կը Փորձէ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Հաստատել Փութինի Հետ

Իպրահիմ Քալըն Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն մեղադրած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն խուսափելու մէջ: «29 յունուար 2016-ին ռուսական կողմի` Թուրքիոյ օդային սահմանի խախտումէն ետք մեր նախագահը Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան առաջարկ կատարած էր, սակայն ռուսական կողմը տակաւին դրական պատասխան չէ տուած: Ատիկա կամայ-ակամայ կը յառաջացնէ այն հարցումը, թէ...

Էրտողան. «Ուաշինկթըն Պէտք Է Թուրքիոյ  Եւ Քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն  Կուսակցութեան Միջեւ Ընտրանք Կատարէ»

Էրտողան. «Ուաշինկթըն Պէտք Է Թուրքիոյ Եւ Քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութեան Միջեւ Ընտրանք Կատարէ»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Ուաշինկթըն պէտք է իբրեւ գործընկեր Թուրքիոյ եւ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ ընտրանք կատարէ»: Էրտողան ամերիկեան վարչակազմին հարց տուաւ. «Ինչպէ՞ս կրնանք ձեզի վստահիլ: Ձեր գործընկերը ե՞ս եմ, թէ՞ Քոպանիի ահաբեկիչները»: Յիշեցնենք, որ մէկ շաբաթ առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Պրեթ ՄքԿըրք այցելած էր Արաբ Բունար, ուր հանդիպում ունեցած էր քիւրտ...

Սուրիական Բանակը` Սուրիա – Թուրքիա Սահմանէն  16 Քիլոմեթր Հեռաւորութեան Վրայ

Սուրիական Բանակը` Սուրիա – Թուրքիա Սահմանէն 16 Քիլոմեթր Հեռաւորութեան Վրայ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները կը շարունակեն յառաջանալ Հալէպի հիւսիսային եւ հարաւային գիւղերուն մէջ: Հիւսիսային գիւղերուն մէջ սուրիական բանակը մօտեցաւ Թել Ռըֆաաթ գիւղին: Բանակը այժմ կը գտնուի Թուրքիա-Սուրիա սահմանէն 16 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ` Պապ Սալամա անցքին ուղղութեամբ: Բանակը մէկ օր առաջ իր հակակշիռին տակ առած էր Ռեթիեն եւ Մեյեր գիւղերը: Վերջինս կը նկատուէր հիւսիսային Հալէպի գիւղական...

Պահրէյն Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ  Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնեն Սուրիոյ Մէջ  Ցամաքային Գործողութեան Մասնակցելու

Պահրէյն Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնեն Սուրիոյ Մէջ Ցամաքային Գործողութեան Մասնակցելու

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը շաբաթ օր հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիայէն ետք Պահրէյն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պատրաստակամութիւն յայտնեցին Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ հաւանական ցամաքային գործողութեան  մասնակցելու: Այդ մասին յայտարարած է Բրիտանիոյ մէջ Պահրէյնի դեսպան շէյխ Ֆաուազ Խալիֆա: Ան ընդգծած է, որ Պահրէյն պատրաստ է գործելու սէուտցիներու հետ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ: Ըստ անոր, Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութեան պատրաստ...

«Ինծի Համար 2-րդ Հայրենիքս  Նախահայրերուս Հայրենիքն Է`  Ղազախստանը»  Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

«Ինծի Համար 2-րդ Հայրենիքս Նախահայրերուս Հայրենիքն Է` Ղազախստանը» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Տաւութօղլու եւ Նազարպայեւ «ՌԻԱ Նովոսթի» կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ իրեն համար իր 2-րդ հայրենիքը Ղազախստանն է: Ան նաեւ նշած է, որ Ղազախստանը Թուրքիոյ մտերիմ բարեկամն է: Տաւութօղլու ուրբաթ օր Ղազախստանի մէջ հանդիպում ունեցած է երկրի վարչապետ Քարիմ Մասիմովի հետ, իսկ շաբաթ օր` Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ: «Ինծի համար երկրորդ հայրենիքս իմ նախահայրերուն հայրենիքն...

Եւրոպական Խորհրդարանը Միջին Արեւելքի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Գործած Կոտորածները Կը Նկատէ Ցեղասպանութիւն

«Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի խորհրդարանը ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներու, եզիտիներու եւ այլ կրօնական ու ազգային փոքրամասնութիւններու կոտորածները ճանչցած է իբրեւ ցեղասպանութիւն: Եւրոպական խորհրդարանի որոշումին մէջ կ՛ըսուի. «Այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութիւն»-ը քրիստոնեաներու, եզիտիներու եւ այլ կրօնական ու ազգային փոքրամասնութիւններու դէմ ցեղասպանութիւն գործած է»: Եւրոպական խորհրդարանը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներէն պահանջած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ...

Ֆրանսայի Սահմանադրութեան Բարեփոխման Առաջարկներէն Մէկը Ահաբեկչութեան Մեղսակիցները Կը Զրկէ Քաղաքացիութենէ

Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ուրբաթ օր ընթացք առաւ երկրի սահմանադրութեան բարեփոխման վիճայարոյց ծրագիրը, որ կը ներառէ արտակարգ դրութիւնը սահմանադրութեան մէջ ամրագրելու եւ ահաբեկչական արարքներու մեղսակիցները Ֆրանսայի քաղաքացիութենէ զրկելու առաջարկները: Ըստ բարեփոխման ծրագիրին աջակցողներուն, արտակարգ դրութեան սահմանադրութեան մէջ ներառումը այդ արտակարգ միջոցառումին պիտի տայ սահմանադրական հիմնաւորում մը, իսկ ատոր ընդդիմացողները կ՛ըսեն, որ այդ բարեփոխումը անօգուտ է եւ կը վտանգէ հասարակական ազատութիւնները: Վերջիններուս...

Ամերիկացի Օրէնսդիրները Իրանէն  Մուտքի Արտօնագիր Խնդրած Են`  Ընտրութիւններուն Հետեւելու Համար

Ամերիկացի Օրէնսդիրները Իրանէն Մուտքի Արտօնագիր Խնդրած Են` Ընտրութիւններուն Հետեւելու Համար

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ ամերիկացի երեք քոնկրեսականներ դիմած են Իրանին` մուտքի արտօնագիր ստանալու համար, որպէսզի հետեւին 26 փետրուարին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին ժողովրդավարութեան կանոններու պահպանման: Միաժամանակ անոնք ուղերձ յղած են Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ղեկավար Մոհամետ Ալի Ժաաֆարիին` մուտքի արտօնագիր ստանալուն աջակցելու համար: Իրան իրենց այցելութեան նպատակը քոնկրեսականները բացատրած են «գետնի վրայ...

Տաւութօղլու Մեկնաբանած Է Ռուսիոյ  Պաշտպանութեան Նախարարութեան Թուրքիոյ`  Սուրիա Ներխուժելու  Պատրաստուելուն Մասին Յայտարարութիւնը

Տաւութօղլու Մեկնաբանած Է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Թուրքիոյ` Սուրիա Ներխուժելու Պատրաստուելուն Մասին Յայտարարութիւնը

Ահմեթ Տաւութօղլու «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու մեկնաբանած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիա կը պատրաստուի ներխուժել Սուրիա: Ան յայտարարած է, որ Ռուսիան որոշ «յանցագործութիւններ» կը պատրաստէ Սուրիոյ տարածքին մէջ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտնած էր, որ թուրք-սուրիական սահմանին վրայ թրքական զօրքերու կուտակումները, թրքական հրետանիին կողմէ Սուրիոյ Լաթաքիա շրջանի ռմբակոծումներու անհերքելի տեսանկարահանումները,...

«Սուրիայէն Գաղթականներու Հոսքը  Չենք Կրնար Կասեցնել, Եթէ Օդային  Հարուածները Չդադրին»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Սուրիայէն Գաղթականներու Հոսքը Չենք Կրնար Կասեցնել, Եթէ Օդային Հարուածները Չդադրին» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը չի կրնար Սուրիայէն տեղահանուածներու հոսքը կասեցնել, եթէ ռուսական օդային հարուածները չդադրին եւ այդ երկրին մէջ խաղաղութիւն չհաստատուի: Էրտողան Էքուատոր իր այցելութեան ընթացքին նշեց. «Մարդիկ այլընտրանք չունին բացի փախուստ տալէ բուռն ռմբակոծումներէն, զորս Սուրիոյ մէջ կը գործադրեն Ռուսիոյ եւ վարչակարգի օդանաւերը», ըսաւ ան` հարց տալով. «Այդ մարդիկը ո՞ւր պիտի երթան... օդային հարուածները...

Լաւրով. «Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ  Ռմբակոծումները Պիտի Չդադրին`  Մինչեւ Ահաբեկչական  Խմբաւորումներու Պարտութիւնը»

Լաւրով. «Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Ռմբակոծումները Պիտի Չդադրին` Մինչեւ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Պարտութիւնը»

Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնները պէտք է հրաժարին անձնասիրական փառամոլութիւններէ եւ իրենց մեկնակէտը դարձնեն ժողովուրդին շահը: Ան նաեւ ըսաւ, որ Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակից ընդդիմադիր սուրիացիները պէտք է հրաժարին զիրենք ֆինանսաւորող արտաքին ուժերուն յենելէ: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդային հարուածները պիտի չդադրին, մինչեւ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի...

Պարզանի. «Քիւրտերու Անկախութիւն  Յայտարարելու Ժամանակը Հասած Է»

Պարզանի. «Քիւրտերու Անկախութիւն Յայտարարելու Ժամանակը Հասած Է»

Մասութ Պարզանի Քրտական «Ռուտաու» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասութ Պարզանի յայտարարած է, որ քիւրտերու անկախութիւնը յայտարարելու ժամանակը հասած է: Ան կոչ ուղղած է այդ հարցին շուրջ ոչ պաշտօնական հանրաքուէ մը կատարելու: Պարզանի յայտնած է, որ անկախութեան համար հանրաքուէ կատարելը քիւրտերուն ամէնէն բնական իրաւունքն է եւ անոնք իրենց պետութիւնը ստեղծելու համար ոեւէ մէկէն արտօնութիւն...

Զուիցերիա Կը Պատրաստուի Ամսական  2450 Տոլար Վճարել Իր Քաղաքացիներուն

Զուիցերիա Կը Պատրաստուի Ամսական 2450 Տոլար Վճարել Իր Քաղաքացիներուն

Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ մէջ պիտի քննարկուի առաջարկ մը, որուն համաձայն, երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացի, անկախ այն իրողութենէն, թէ գործազուրկ է կամ ոչ, իւրաքանչիւր ամիս պիտի ստանայ 2500 զուիցերիական ֆրանք (շուրջ 2450 տոլար): Կ՛ենթադրուի երեխաներուն վճարել 625-ական ֆրանք: Դաշնակցային կառավարութիւնը արդէն որոշած է, որ այդ հարցին շուրջ ընդհանուր քուէարկութիւնը պիտի կատարուի յունիսին: Եթէ նախաձեռնութիւնը հաւանութեան արժանանայ, Զուիցերիան...

«Անգարա Եւ Ռիատ Կ՛աջակցին Սուրիական  Ընդդիմութեան Բոլոր Որոշումներուն»  Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

«Անգարա Եւ Ռիատ Կ՛աջակցին Սուրիական Ընդդիմութեան Բոլոր Որոշումներուն» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Անգարա եւ Ռիատ կ՛աջակցին Սուրիոյ ընդդիմութեան որդեգրելիք բոլոր որոշումներուն` աւելցնելով. «Սուրիական վարչակարգը միշտ կը փաստէ, թէ բռնատիրական է եւ իր ժողովուրդը կը սպաննէ ու կը տեղահանէ»: «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ. «Մենք միշտ կ՛աջակցինք Սուրիոյ վերաբերեալ Ժընեւի բանակցութիւններուն արդիւնքին, որպէսզի այդ երկիրը յառաջընթաց արձանագրէ եւ ապագային...

Ուաշինկթըն Անընդունելի Կը Նկատէ  Եւրոպացիներու Թուրքիոյ Դէմ Պայքարելու  Ժողովրդավարական  Միութիւն Կուսակցութեան Կոչը

Ուաշինկթըն Անընդունելի Կը Նկատէ Եւրոպացիներու Թուրքիոյ Դէմ Պայքարելու Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութեան Կոչը

Ճոն Քըրպի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի դատապարտեց Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան կողմէ եւրոպացիներուն ուղղուած կոչը` Թուրքիոյ դէմ պայքարելու: «Մենք դէմ ենք Ժողովրդավարական միութեան պատկանող եւ անցեալ շաբաթ ընկերային ցանցերուն վրայ անգլերէն, սպաներէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով տեղադրուած տեսերիզին, որ եւրոպացիներուն կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ դէմ պայքարելու», ընդգծեց Քըրպի: «Այդպիսի վարուելակերպերը անընդունելի են», ըսաւ Քըրպի եւ բոլոր կողմերուն...

Page 804 of 882 1 … 803 804 805 … 882

Արխիւներ