
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ իրեն համար իր 2-րդ հայրենիքը Ղազախստանն է: Ան նաեւ նշած է, որ Ղազախստանը Թուրքիոյ մտերիմ բարեկամն է:
Տաւութօղլու ուրբաթ օր Ղազախստանի մէջ հանդիպում ունեցած է երկրի վարչապետ Քարիմ Մասիմովի հետ, իսկ շաբաթ օր` Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ:
«Ինծի համար երկրորդ հայրենիքս իմ նախահայրերուն հայրենիքն է` Ղազախստանը: Յոյսով եմ, որ այժմ վարչապետի պաշտօնին մէջ ես կարենամ աւելի յաճախ այցելել իմ երկրորդ հայրենիքս, որովհետեւ Ղազախստանը եւրասիական ցամաքամասի աշխարհագրական կեդրոնն է: Մեզի համար ան շատ մտերիմ հարեւան է, շատ մտերիմ ընկեր», ըսած է Տաւութօղլու:
«Անատոլու» հաղորդեց, որ Տաւութօղլու Նազարպայեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ ամէն անգամ որ Ղազախստան կու գայ, ինքզինք կը զգայ իբրեւ այդ երկրին քաղաքացին: Առաջին անգամ իբրեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ղազախստան այցելելով Տաւութօղլու նշած է, որ այդ երկրի որեւէ յաջողութիւն իրենք կ՛ընդունին իբրեւ Թուրքիոյ սեփական յաջողութիւնը:


