«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը շաբաթ օր հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիայէն ետք Պահրէյն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պատրաստակամութիւն յայտնեցին Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ հաւանական ցամաքային գործողութեան մասնակցելու:
Այդ մասին յայտարարած է Բրիտանիոյ մէջ Պահրէյնի դեսպան շէյխ Ֆաուազ Խալիֆա: Ան ընդգծած է, որ Պահրէյն պատրաստ է գործելու սէուտցիներու հետ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ:
Ըստ անոր, Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութեան պատրաստ են նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:
Նախապէս բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը` յղում կատարելով Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան աղբիւրներուն, հաղորդած էր, որ Ռիատ կրնայ Սուրիա ուղարկել քանի մը հազար զինուոր, իսկ գործողութիւնը կրնայ շղթայազերծուիլ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեամբ:
«Ռոյթըրզ» երէկ նաեւ հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պատրաստ են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ Սուրիա ուղարկելու ցամաքային ուժեր: