Միջազգային

«Անգարայի Հետ Յարաբերութիւններու  Վերականգնման Ջանքերը Վերջերս  Վերստին Ընթացք Առին»  Կ՛ըսէ Եաալոն

«Անգարայի Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնման Ջանքերը Վերջերս Վերստին Ընթացք Առին» Կ՛ըսէ Եաալոն

Մոշէ Եաալոն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ «թուրքերը կ՛աջակցին Համաս շարժումին, եւ պէտք է այդ հարցը քննարկել»` աւելցնելով. «Ես վստահ չեմ, որ կարելի է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել, թերեւս կը յաջողի, սակայն անոնք պէտք է բաւարարեն մեր պայմանները, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել գոյութիւն ունեցող արգելքները»: Եաալոն հաստատեց, որ «Անգարայի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման ջանքերը վերջերս վերստին ընթացք առին»` հարց...

Սուրիոյ Բանակը Ժապալ Ռուս Լեռնաշղթան  Ամբողջութեամբ Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ

Սուրիոյ Բանակը Ժապալ Ռուս Լեռնաշղթան Ամբողջութեամբ Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ

Սուրիոյ բանակը Լաթաքիոյ հիւսիսարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ եւ Քանասպայի վերահսկող Ժապալ Ռուս լեռնաշղթան իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առաւ: Սուրիոյ բանակը յաջողեցաւ իր վերահսկողութեան տակ առնել հինգ բարձր բլուրներէ բաղկացած լեռնաշղթան, ինչ որ կը նշանակէ, որ սուրիական բանակը մօտեցած է Քանասպայի խորքին` տիրելէ ետք շրջանին իշխող կարեւորագոյն բլուրներուն ու բարձունքներուն:

«Թուրքիան Կը Շարունակէ Մնալ Միացեալ  Նահանգներու Հիմնական Դաշնակիցը»  Կ՛ըսէ Քարթըր

«Թուրքիան Կը Շարունակէ Մնալ Միացեալ Նահանգներու Հիմնական Դաշնակիցը» Կ՛ըսէ Քարթըր

Էշթըն Քարթըր «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտարարած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու հիմնական դաշնակիցը: Ան նշած է, որ Թուրքիան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ հանդէս կու գայ միասնական տեսակէտով: Քարթըրի խօսքով` Միացեալ Նահանգներ կը գործակցին Թուրքիոյ հետ ՏԱՀԵՇ-ի վերացման հարցին մէջ::

Միւնիխի Մէջ Համաձայնութիւն  Զինադադարի Հաստատման Շուրջ

Միւնիխի Մէջ Համաձայնութիւն Զինադադարի Հաստատման Շուրջ

Միւնիխի մէջ հինգ ժամ տեւած երկարատեւ քննարկումներէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակը համաձայնութիւն գոյացուց մէկ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու առաքումը անմիջապէս արագացնելու առումով: Իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քերրի ըսաւ....

«Հալէպի Շրջանին Մէջ Գործող Զինեալներուն  Մատակարարումները Կը Կատարուին Թուրքիայէն»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Հալէպի Շրջանին Մէջ Գործող Զինեալներուն Մատակարարումները Կը Կատարուին Թուրքիայէն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` ամփոփելով Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խումբի Միւնիխի նիստին արդիւնքները, յայտարարած է, որ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի շրջանին մէջ գործող զինեալներուն մատակարարումները կը կատարուին Թուրքիայէն: Ան նշած է, որ Հալէպի արեւմտեան արուարձանները մինչեւ հիմա գրաւուած են Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ժէյշ Իսլամի զինեալներուն կողմէ: «Եւ չմոռնանք, որ բոլոր անոնք, որոնք կը...

Քուէյթ Իր Օդակայանները Պիտի Տրամադրէ  ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Միջազգային Դաշինքին

Քուէյթ Իր Օդակայանները Պիտի Տրամադրէ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Միջազգային Դաշինքին

ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Քուէյթի պաշտպանութեան նախարար շէյխ Խալետ Ժարրահ Սապահ յայտնած է, որ Քուէյթ պատրաստ է իր տարածքին մէջ գտնուող օդուժի ռազմակայանները տրամադրելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի ուժերուն: «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան յայտարարած է. «Քուէյթի օդուժի ռազմակայանները բաց են Միջազգային դաշինքի ուժերուն համար»: Քուէյթի պաշտպանութեան նախարարը, որ Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի գծով...

Թուրքիա – Իսրայէլ  Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթաց

Թուրքիա – Իսրայէլ Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթաց

Էօմեր Չելիք Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման շուրջ բանակցութիւնները լաւ կ՛ընթանան, սակայն տակաւին համաձայնութիւն մը չէ գոյացած: Ըստ «Տողան» լրատու գործակալութեան, ան ըսած է. «Մենք տեղեկութիւն ունինք, որ բանակցութիւնները լաւ կ՛ընթանան, սակայն եթէ բանակցութիւններու գործնական նշանակութիւն չտեսնենք, չենք կրնար ըսել, որ համաձայնութեան գոյացումը ապահով է»: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով իսրայէլեան...

«Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութեան  Հարցով Թուրքիոյ Հետ Համակարծիք Չենք»  Կ՛ըսէ Թոնըր

«Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութեան Հարցով Թուրքիոյ Հետ Համակարծիք Չենք» Կ՛ըսէ Թոնըր

Մարք Թոնըր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Մարք Թոնըր պատասխանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական չնկատելուն համար Միացեալ Նահանգներու հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքներուն ըսաւ. «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) ահաբեկչական կազմակերպութիւն է: Սակայն ՔԱԿ-ի եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ ակնյայտ տարբերութիւն կայ: Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան հարցով Թուրքիոյ հետ համակարծիք չենք»: Թուրքիոյ նախագահը 10 փետրուարին...

Էրտողան. «Սուրիոյ Հարցով Մեր  Համբերութիւնը Կրնայ Սպառիլ»

Էրտողան. «Սուրիոյ Հարցով Մեր Համբերութիւնը Կրնայ Սպառիլ»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարա Սուրիոյ հարցին մէջ համբերատար պիտի ըլլայ մինչեւ որոշ պահ, որմէ ետք թրքական իշխանութիւնները պիտի դիմեն քայլերու: Ան քննադատած է Եւրոպական Միութիւնը գաղթականներու հարցով եւ սպառնացած օդանաւերով եւ փոխադրակառքերով տեղահանուածները ուղարկել Եւրոպա: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Էրտողան Ռուսիան մեղադրած է Սուրիոյ մէջ մարդիկ...

«Առանց Միջազգային Դաշինքին Հետ  Համակարգումի Պիտի Չանցնինք  Եփրատ Գետի Արեւմտեան Ափը»  Կ՛ըսէ Սալիհ Մուսլիմ

«Առանց Միջազգային Դաշինքին Հետ Համակարգումի Պիտի Չանցնինք Եփրատ Գետի Արեւմտեան Ափը» Կ՛ըսէ Սալիհ Մուսլիմ

Սալիհ Մուսլիմ Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալիհ Մուսլիմ «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ քրտական ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ առանց Միջազգային դաշինքի ուժերուն հետ համակարգում կատարելու պիտի չանցնին Եփրատ գետի արեւմտեան ափը: Ան ընդգծած է, որ իրենց գլխաւոր մտահոգութիւնը Թուրքիոյ մասնակցութիւնն է սուրիական պատերազմին: Մուսլիմի խօսքերով`...

ՄԱԿ. «2016-ի Սկիզբէն Ի Վեր Թուրքիայէն  Յունաստան Անցած Է Աւելի Քան 68 Հազար Գաղթական»

ՄԱԿ. «2016-ի Սկիզբէն Ի Վեր Թուրքիայէն Յունաստան Անցած Է Աւելի Քան 68 Հազար Գաղթական»

«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի վարչութիւնը յայտնած է, որ 2016-ին սկիզբէն ի վեր Թուրքիայէն յունական կղզիներ տեղափոխուած են աւելի քան 68 հազար մարդիկ: Գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի վարչութեան տուեալներով` միայն 1-էն 6 փետրուար Եգէական ծովու թրքական ծովափէն Յունաստան անցած է աւելի քան 2870 մարդ: ՄԱԿ-ի տուեալներով` 1 յունուարէն մինչեւ 6 փետրուար ծովու ճամբով Թուրքիայէն Յունաստան հասած գաղթականներուն 55...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Քիւրտերուն  Նկատմամբ Թուրքիոյ Կեցուածքը Կը Նկատեն  Խոչընդոտ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Քիւրտերուն Նկատմամբ Թուրքիոյ Կեցուածքը Կը Նկատեն Խոչընդոտ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Սուրիոյ քիւրտերուն նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքը կը նկատեն Սուրիոյ մէջ կացութեան կարգաւորման ճանապարհին հիմնական խոչընդոտներէն մէկը եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը լրջօրէն խանգարող: «Ամերիկացի պաշտօնատարներու խօսքով` Թուրքիոյ թշնամական վերաբերմունքը Սուրիոյ մէջ գործող քիւրտ զինեալներուն նկատմամբ, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու առաւել արդիւնաւէտ դաշնակիցներու շարքին են, կը խափանէ այն...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Պիտի Ուսումնասիրէ 1921-ի Ռուս-Թրքական  Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պիտի Ուսումնասիրէ 1921-ի Ռուս-Թրքական Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկը

ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի ուսումնասիրէ Տումայի երեսփոխաններու 16 մարտ 1921-ի ռուս-թրքական բարեկամութեան ու եղբայրութեան մասին համաձայնագիրը ջնջելու առաջարկը: «Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստացած է Տումայի խումբ մը երեսփոխաններուն առաջարկը` կասեցնելու համաձայնագիրը: Այս պահուս առաջարկը պէտք է ուսումնասիրուի: Ամէն ինչ պիտի կատարուի սահմանուած կարգով: Առայժմ պէտք է...

Այսօր Միւնիխի Մէջ Սուրիոյ Միջազգային  Աջակցութեան Խմբակի Ժողով.  «Մտահոգ Ենք Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Թուրքիոյ  Շարժումներէն, Եւ Անգարա ՏԱՀԵՇ-ի Հետ Կը Բանակցի»  Կ՛ըսէ Լաւրով

Այսօր Միւնիխի Մէջ Սուրիոյ Միջազգային Աջակցութեան Խմբակի Ժողով. «Մտահոգ Ենք Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Թուրքիոյ Շարժումներէն, Եւ Անգարա ՏԱՀԵՇ-ի Հետ Կը Բանակցի» Կ՛ըսէ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Սուրիական տագնապը զինուորական միջոցներով լուծելու վտանգը իրականութեան վերածուեցաւ»: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Թուրքիան ռուսական օդային հարուածներու շարունակութեան պայմաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի համակարգում կատարելու գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ: Ան մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ սահմանին վրայ թրքական շարժումներէն` յոյս յայտնելով, որ Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական ներխուժում մը չ՛արտօներ: Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց...

Քերրի. «Ամերիկեան Վարչակազմը Կ՛ընդունի  Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Գործողութիւններուն  Սէուտական Ցամաքային Ուժերու  Մասնակցութեան Առաջարկը»

Քերրի. «Ամերիկեան Վարչակազմը Կ՛ընդունի Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Գործողութիւններուն Սէուտական Ցամաքային Ուժերու Մասնակցութեան Առաջարկը»

Ճոն Քերրի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց. «Նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը կ՛ընդունի Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու համար սէուտական եւ էմիրաթական ցամաքային ուժեր ուղարկելու առաջարկը»: Քերրի հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ իր երկիրը Սուրիոյ հարցով կը մօտենայ վճռական կեցուածքի մը` կա՛մ կ՛ընդունի դէպի զինադադարի հաստատում յառաջանալ, կա՛մ ալ կ՛ուղղուի դէպի այլընտրանքային ծրագիր եւ զինուորական նոր գործողութիւններ: Ան...

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական  Նախնական Ընտրութիւններ.  Սենտըրզ Եւ Թրամփ Յաղթական`  Նիւ Հեմփշայրի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Նախնական Ընտրութիւններ. Սենտըրզ Եւ Թրամփ Յաղթական` Նիւ Հեմփշայրի Մէջ

Թրամփ եւ Սենտըրզ Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ընդունեց իր պարտութիւնը 2016-ի նախագահի պաշտօնին պայքարին մէջ` Նիւ Հեմփշայրի մէջ 9 փետրուարին տեղի ունեցած նախագահական նախնական ընտրութիւններուն ընթացքին: Ան իր համակիրներուն առջեւ խօսք արտասանելով շնորհաւորեց իր մրցակիցը` ծերակուտական Պըռնի Սենտըրզը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան իրեն: Քլինթըն խոստացաւ «շարունակել պայքարը իւրաքանչիւր նահանգի մէջ իւրաքանչիւր ձայնի համար...

Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանը Կանչուած Է Թուրքիոյ  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կանչուած Է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Ճոն Պաս «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաս կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Դեսպանէն պահանջած են յստակացնել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպիի` Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Իւմիթ Եալչըն մտահոգութիւն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է, թէ «Միացեալ Նահանգներ...

ՄԱԿ Յայտարարած Է, Որ Չի Կրնար Ստուգել  ՏԱՀԵՇ-ի Քարիւղի Մատակարարման  Ուղղութիւններուն Մասին Տեղեկութիւնները

ՄԱԿ Յայտարարած Է, Որ Չի Կրնար Ստուգել ՏԱՀԵՇ-ի Քարիւղի Մատակարարման Ուղղութիւններուն Մասին Տեղեկութիւնները

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ճեֆրի Ֆելթման ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ը չի կրնար անկախ ստուգում կատարել ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ քարիւղի արտածման ուղղութիւններուն վերաբերեալ տեղեկութիւններուն առնչութեամբ: «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ֆելթմանի խօսքով, ստեղծուած իրավիճակին մէջ «կ՛ընդգծուի անդամ պետութիւններու միջեւ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը»` ահաբեկչական խմբաւորման ելեւմտական հոսքերը դադրեցնելու համար, ինչ որ նախատեսուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դեկտեմբերին...

«Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու  Բարելաւման Համար Ուաշինկթըն Պէտք Է  Հրաժարի Մեր Վրայ Ճնշում Բանեցնելէ»  Ըսաւ Ռիապքով

«Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բարելաւման Համար Ուաշինկթըն Պէտք Է Հրաժարի Մեր Վրայ Ճնշում Բանեցնելէ» Ըսաւ Ռիապքով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարեց. «Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու բարելաւման համար Ուաշինկթըն պէտք է հրաժարի քաղաքական ցուցմունքներ տալէ եւ Ռուսիոյ վրայ ճնշում բանեցնելէ»: Ան ըսաւ, որ անկախ այն իրողութենէն, թէ ո՛վ Ուաշինկթընի մէջ պիտի հասնի իշխանութեան, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման միակ ուղին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիոյ շահերուն վնաս հասցնելու փորձերէն հրաժարումն է: Ռիապքով ըսաւ, որ ինք «ամերիկեան հոգեբանութեան պատճառով» Միացեալ...

«Սուրիոյ Մէջ Կռիւին Մեր Ցամաքային Ուժերուն  Մասնակցութիւնը Պիտի Ըլլայ ՏԱՀԵՇ-էն  Մեր Դիմագրաւած Սպառնալիքին Համահունչ»  Ըսաւ Ասիրի

«Սուրիոյ Մէջ Կռիւին Մեր Ցամաքային Ուժերուն Մասնակցութիւնը Պիտի Ըլլայ ՏԱՀԵՇ-էն Մեր Դիմագրաւած Սպառնալիքին Համահունչ» Ըսաւ Ասիրի

Ահմետ Ասիրի Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Ահմետ Ասիրի յայտնեց, որ «Սէուտական Արաբիա կը շարունակէ աջակցիլ սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան»` նշելով, որ Պրիւքսէլի մէջ պիտի յայտարարուի Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութեան մը մասնակից երկիրներուն անունները: «Սէուտական Արաբիոյ ցամաքային ուժերով մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ ՏԱՀԵՇ-էն անոր դիմագրաւած սպառնալիքին համահունչ», ըսաւ ան` շեշտելով. «Սէուտական Արաբիան ինքնագլուխ չի գործեր, այլ` միջազգային դաշինքներու ծիրին մէջ»: ՕԹԱՆ-էն աղբիւրներ...

Page 803 of 882 1 … 802 803 804 … 882

Արխիւներ