
Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ուրբաթ օր ընթացք առաւ երկրի սահմանադրութեան բարեփոխման վիճայարոյց ծրագիրը, որ կը ներառէ արտակարգ դրութիւնը սահմանադրութեան մէջ ամրագրելու եւ ահաբեկչական արարքներու մեղսակիցները Ֆրանսայի քաղաքացիութենէ զրկելու առաջարկները:
Ըստ բարեփոխման ծրագիրին աջակցողներուն, արտակարգ դրութեան սահմանադրութեան մէջ ներառումը այդ արտակարգ միջոցառումին պիտի տայ սահմանադրական հիմնաւորում մը, իսկ ատոր ընդդիմացողները կ՛ըսեն, որ այդ բարեփոխումը անօգուտ է եւ կը վտանգէ հասարակական ազատութիւնները: Վերջիններուս զօրակցեցաւ Եւրոպական խորհուրդը, որ յայտնեց, թէ այդ դրութեան տակ ոստիկանութեան կողմէ չարաշահում տեղի կ՛ունենայ, ինչպէս նաեւ անիկա կը նպաստէ իսլամներու անարգման:
Մեծագոյն վէճը կ՛ընթանայ քաղաքացիութենէ զրկելու հարցին շուրջ: Ֆրանսական օրէնքները կ՛արտօնեն քաղաքացիութենէ զրկել անոնք, որոնք նուազ քան 15 տարիէ ի վեր ստացած են երկրին քաղաքացիութիւնը, եթէ ահաբեկչական բնոյթի յանցագործութեամբ մը ամբաստանուին: Բարեփոխման նպատակը այդ միջոցառումը ընդլայնելով ներառելն է Ֆրանսայի մէջ ծնած, սակայն երկքաղաքացիութեան տէր անձերը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս կէտը մեծաթիւ անձերու պիտի չառնչուի:


