Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւնիխի Մէջ Համաձայնութիւն Զինադադարի Հաստատման Շուրջ

February 13, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Munich_021216

Միւնիխի մէջ հինգ ժամ տեւած երկարատեւ քննարկումներէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակը համաձայնութիւն գոյացուց մէկ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու առաքումը անմիջապէս արագացնելու առումով:

Իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քերրի ըսաւ. «Միւնիխի քննարկումներուն մասնակից երկիրները Ժընեւի բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ սկսելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին»: Ան նշեց, որ պիտի կազմուի խմբակի անդամներէն բաղկացած ուժ մը` երաշխաւորելու համար, որ մարդասիրական օժանդակութիւնները հասնին բոլոր կողմերուն:

Քերրի եւ Լաւրով հաստատեցին, որ իսկական հարցը պիտի ըլլայ սուրիական տագնապին առնչակից բոլոր կողմերուն այս խոստումներուն յարգումը:

Լաւրով իր կարգին ըսաւ. «Կը սխալի ան, որ կ՛ակնկալէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` իշխանութենէն հեռացումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ»: Ան աւելցուց, որ ռուսական ուժերը պիտի շարունակեն Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը հարուածել` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը պիտի ըլլայ շատ դժուար առաքելութիւն մը»: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ ռուսական բանակին եւ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին միջեւ համագործակցութեան` մեկնելով այն իրողութենէն, որ գոյութիւն ունի հասարակաց թշնամի մը:

ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնեց, որ ՄԱԿ անմիջապէս մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի ուղարկէ Սուրիա, եւ յատուկ ուժ մը այդ առաքելութեամբ զբաղող ու դժուար հասանելի վայրերու մէջ վտանգներ դիմագրաւող պատուիրակութիւններուն պիտի օժանդակէ:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն դադրեցումը պիտի չյաջողի, եթէ Ռուսիա իր օդային հարուածները չդադրեցնէ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ողջունեց համաձայնութիւնը` զայն նկատելով «սուրիական տագնապի լուծման հասնելու ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը», սակայն աւելցուց. «Պէտք է դադրեցնել Սուրիոյ մէջ օդային հարուածներն ու քաղաքայինները թիրախ դարձնելը»:

 

 

Նախորդը

«Հալէպի Շրջանին Մէջ Գործող Զինեալներուն Մատակարարումները Կը Կատարուին Թուրքիայէն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

«Թուրքիան Կը Շարունակէ Մնալ Միացեալ Նահանգներու Հիմնական Դաշնակիցը» Կ՛ըսէ Քարթըր

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.