Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Նախնական Ընտրութիւններ. Սենտըրզ Եւ Թրամփ Յաղթական` Նիւ Հեմփշայրի Մէջ

Փետրուար 11, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թրամփ եւ Սենտըրզ
Թրամփ եւ Սենտըրզ

Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ընդունեց իր պարտութիւնը 2016-ի նախագահի պաշտօնին պայքարին մէջ` Նիւ Հեմփշայրի մէջ 9 փետրուարին տեղի ունեցած նախագահական նախնական ընտրութիւններուն ընթացքին: Ան իր համակիրներուն առջեւ խօսք արտասանելով շնորհաւորեց իր մրցակիցը` ծերակուտական Պըռնի Սենտըրզը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան իրեն:

Քլինթըն խոստացաւ «շարունակել պայքարը իւրաքանչիւր նահանգի մէջ իւրաքանչիւր ձայնի համար եւ աշխատիլ, որպէսզի իրականացուին ամերիկացներուն պահանջած բարեփոխումները»: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ վերջնական արդիւնքին մէջ նախնական ընտրութեան մէջ պիտի արձանագրէ յաղթանակ եւ ընդհանուր ընտրութեան մէջ պիտի դառնայ Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն:

«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ խօսք արտասանելէ առաջ Քլինթըն հեռաձայնած է Սենտըրզին` անձամբ շնորհաւորելու համար զինք:

Նիւ Հեմփշայրի մէջ Սենտըրզ ստացած է քուէներուն 56 առ հարիւրը, իսկ Քլինթըն` 42 առ հարիւրը:

Միւս կողմէ, Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուի ընտրութեան համար Նիւ Հեմփշայրի նախնական ընտրութեան ընթացքին, ըստ նախնական արդիւնքներուն, յաղթանակ արձանագրած է Տոնալտ Թրամփ, որ ստացած է քուէներուն 34 առ հարիւրը, երկրորդ դիրքը գրաւած է Օհայոյի նահանգապետ Ճոն Քէյսիք, որ ստացած է քուէներուն 16 առ հարիւրը, իսկ Ֆլորիտայի նախկին նահանգապետ Ճեպ Պուշ ստացած է քուէներուն 12 առ հարիւրը:

Նախորդը

Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կանչուած Է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յաջորդը

Քերրի. «Ամերիկեան Վարչակազմը Կ՛ընդունի Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Գործողութիւններուն Սէուտական Ցամաքային Ուժերու Մասնակցութեան Առաջարկը»

RelatedPosts

Ռուտենքօ. «Պատրաստ Ենք Իրանին Եւ Միացեալ  Նահանգներուն Համաձայնութեան Հասնելու Օգնելու»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուտենքօ. «Պատրաստ Ենք Իրանին Եւ Միացեալ Նահանգներուն Համաձայնութեան Հասնելու Օգնելու»

Մայիս 21, 2025
Խամենէի. «Չենք Կարծեր, Որ Ամերիկայի Հետ  Անուղղակի Բանակցութիւնները Արդիւնք  Պիտի Տան, Եւ Չենք Գիտեր Ի՛նչ Պիտի Պատահի»
Գլխաւոր լուրեր

Խամենէի. «Չենք Կարծեր, Որ Ամերիկայի Հետ Անուղղակի Բանակցութիւնները Արդիւնք Պիտի Տան, Եւ Չենք Գիտեր Ի՛նչ Պիտի Պատահի»

Մայիս 21, 2025
ՔԱԿ-ը Օճալանը Կը Կարգէ Թուրքիոյ Հետ  «Աւագ Բանագնաց»  Եւ Կը Նշէ. «Անգարան Խաղաղութեան  Հոլովոյթին Երաշխիքներ Չտուաւ»
Միջազգային

ՔԱԿ-ը Օճալանը Կը Կարգէ Թուրքիոյ Հետ «Աւագ Բանագնաց» Եւ Կը Նշէ. «Անգարան Խաղաղութեան Հոլովոյթին Երաշխիքներ Չտուաւ»

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?