
«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտարարած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու հիմնական դաշնակիցը:
Ան նշած է, որ Թուրքիան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ հանդէս կու գայ միասնական տեսակէտով: Քարթըրի խօսքով` Միացեալ Նահանգներ կը գործակցին Թուրքիոյ հետ ՏԱՀԵՇ-ի վերացման հարցին մէջ::