Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Սահմանադրական Յանձնախումբը` Լուծարուած

February 18, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkish-Parliament_021716

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ դուրս կու գայ Սահմանադրական յանձնախումբէն: Երկրին մէջ նոր սահմանադրութեան մշակման նպատակով ստեղծուած թրքական խորհրդարանական յանձնախումբը լուծարուած է:

Սահմանադրական յանձնախումբի անդամ, քեմալական կուսակցութենէն ընտրուած երեսփոխան Պիւլենթ Թեզճան յայտարարած է, որ իրենք յանձնախումբէն դուրս գալու որոշում տուած են` առաջնահերթ լուծում պահանջող խնդիրներու հարցին մէջ համաձայնութեան չգոյանալուն պատճառով:

Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան իր կարգին յայտնած է, որ յանձնախումբին մէջ երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւնները պաշտպանած են երկրի կառավարման խորհրդարանական համակարգը, իսկ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կ՛ուզէ անցում կատարել նախագահական կառավարման համակարգին: «Յանձնախումբը կազմալուծուեցաւ, երբ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը ըսաւ, որ պիտի քննարկէ միայն խորհրդարանական համակարգին առնչուող հարցեր», յայտնած է Փայլան:

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման յայտարարած է, որ յանձնախումբին մէջ անհամաձայնութեան պատճառով որոշուած է, որ յանձնախումբը դադրեցնէ իր աշխատանքը:

Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Էօմեր Չելիք Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը մեղադրած է նոր սահմանադրութեան ստեղծման հոլովոյթը խափանելու մէջ:

«Եթէ անկեղծ ըլլայինք, ապա Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը չէր ուզեր նոր սահմանադրութիւն ստեղծել: Մենք կ՛ուզէինք ստեղծել նոր Թուրքիոյ առաջին սահմանադրութիւնը, սակայն անոնք պնդեցին հին Թուրքիոյ սահմանադրութեան վրայ», ըսած է Չելիք:

Թուրքիոյ սահմանադրական յանձնախումբը բաղկացած էր 12 երեսփոխաններէ` երեքական անդամ խորհրդարան մուտք գործած իւրաքանչիւր կուսակցութենէ: Յանձնախումբը առաջին հանդիպումը ունեցած էր 3 փետրուարին` քննարկելու համար 1982-ին Թուրքիոյ բանակին կողմէ գրուած սահմանադրութիւնը փոխելու հարցը:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յանձնախումբին կոչ ուղղեց շարունակելու իր աշխատանքը` ընդգծելով. «Անհրաժեշտ է քննարկել որեւէ հարց` առանց նախապայմաններու: Թուրքիոյ մէջ ամէն բանի մասին պէտք է խօսիլ, քննարկել»:

 

 

Նախորդը

Արաբ Ականաւոր Քաղաքական Վերլուծաբան Մոհամետ Հասանէյն Հայքալ Մահացաւ

Յաջորդը

ՔԱԿ. «Զինեալ Դիմադրութիւն` Մինչեւ Քիւրտիստանի Ազատագրումը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.