«Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ ղազախական «ՆիւԹայմզ»-ը հաղորդած է, որ Ղազախստանի Ջամպուլի մարզի Պուրըլ (Ռովնօ) գիւղին մէջ թուրքերու եւ ղազախներու միջեւ ազգամիջեան բախումներ տեղի ունեցած են:
Անկարգութիւնները սկսած են, երբ 15 փետրուարին, աւանի տուներէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է դանակի հարուածներու վէրքերով ազգութեամբ ղազախ տղու մը դիակը: Սպանութիւն կատարելու կասկածանքով ձերբակալուած է ազգութեամբ թուրք գիւղի բնակիչը: 16 փետրուարին աւանի բնակիչները եկած են կասկածեալին տունը` պահանջելով, որ անոր ընտանիքը հեռանայ գիւղէն:
Բնակավայր ուղարկուած են ոստիկանական ուժեր: Պուրլըի ղազախական եւ թրքական համայնքներու աւագանիները բանակցութիւններ վարած են եւ բնակիչներուն կոչ ուղղած հանդարտ մնալու: Սպանութեան հարցով կասկածեալի ընտանիքը հեռացուած է դէպի այլ բնակավայր: