Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԿ. «Զինեալ Դիմադրութիւն` Մինչեւ Քիւրտիստանի Ազատագրումը»

Փետրուար 18, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուրատ Քարայըլան
Մուրատ Քարայըլան

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան` ՔԱԿ-ի զինեալ թեւի ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլան «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ՔԱԿ մտադիր է Թուրքիոյ մէջ զինեալ դիմադրութիւնը շարունակել, մինչեւ որ ամբողջ քիւրտ ժողովուրդը անկախութիւն եւ ազատութիւն ձեռք բերէ:

Ան յայտնած է, որ ՔԱԿ-ը կրնայ քիւրտերուն դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններու ճնշումներուն հակադարձել քաղաքներուն մէջ սկսելով մարտական գործողութիւններ:

«Հակառակ անոր որ մինչեւ հիմա մեր գործողութիւններուն համար ընտրած ենք գիւղական վայրերը, սակայն, ներկայ պայմանները կը թելադրեն մարտավարութիւնը փոխելու անհրաժեշտութիւնը», ըսած է Քարայըլան:

Ըստ անոր, թրքական պետութիւնը ժողովրդավարական ինքնավարութիւն ստեղծելու համար պայքարող քիւրտերուն դէմ լայնածաւալ պատերազմ կը վարէ:

«Մենք զէնքը վար պիտի դնենք այն ժամանակ, երբ թշնամական յարձակումները կը դադրին եւ մեր ժողովուրդը ազատութիւն ու անկախութիւն ձեռք կը բերէ: Մենք մտադիր ենք Քիւրտիստանի մէջ զինեալ դիմադրութիւնը շարունակել, այնքան ատեն որ մեր ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանն ու ամբողջ ժողովուրդը ազատութիւն եւ անկախութիւն ձեռք չեն բերած», ըսած է ան:

Մուրատ Քարայըլան յայտարարած է, որ իրենք բազմաթիւ ապացոյցներ ունին, թէ Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերած են Քայիտա ահաբեկչական խմբաւորումէն սերած Սուրիոյ ժիհատական կազմակերպութիւններուն:

«Քիւրտերը փաստագրական ապացոյցներ ունին, թէ Թուրքիան կ՛աջակցի ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ այլ արմատական խմբաւորումներուն, այդ կապը կը բացատրուի գաղափարական հարազատութեամբ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ռազմավարական շահերով: Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, Քայիտայի սալաֆական խմբաւորումներու եւ Սէուտական Արաբիոյ ու Քաթարի հետ զինած է Սուրիոյ մէջ արմատական սալաֆական խմբաւորումները, որոնք իրենց բոլոր գործողութիւնները կը կառուցեն իսլամական օրէնքին վրայ: Սուրիոյ քիւրտերը` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչները եւ քրտական այլ ուժերը խիստ տարբեր են անոնցմէ կեանքի եւ պետական կառոյցին նկատմամբ իրենց ժամանակակից, աշխարհիկ հայեացքներուն համար, եւ ճիշդ ատոր մէջ կը կայանայ այն ատելութեան պատճառը, որ ժիհատականները կը տածեն սուրիացի քիւրտերուն նկատմամբ:

«Սկիզբէն ի վեր Թուրքիան սնած, ամէն ձեւով աջակցած է ՏԱՀԵՇ-ին եւ Ժապհաթ Նուսրային: Մենք հարիւր առ հարիւր համոզուած ենք այն բանին, որ Թուրքիան կապեր ունի ՏԱՀԵՇ-ի հետ: Աւելի՛ն, մենք ատիկա տեսած ենք սեփական աչքերով: Բազմիցս նկարած ենք թրքական իշխանութեան վերնախաւի ներկայացուցիչներու հանդիպումները ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն հետ: Ռոժավայի (սուրիական Քիւրտիստանի) տարածք Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները անցած են Թուրքիոյ տարածքէն», նշած է ՔԱԿ-ի ղեկավարը:

Մուրատ Քարայըլան ՔԱԿ-ը կը ղեկավարէ 1999-էն` Ապտիւլլա Օճալանի ձերբակալումէն ի վեր:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Սահմանադրական Յանձնախումբը` Լուծարուած

Յաջորդը

Առնուազն 28 Սպաննուածներ Եւ Տասնեակ Մը Վիրաւորներ` Անգարայի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին Պատճառով

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?