Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Նախագահութիւնը Կ՛աջակցի Սուրիոյ Մէջ Դաշնակցային Դրութեան Հաստատման Գաղափարին. Սպիտակ Տունը Սուրիոյ Մէջ Բոլոր Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Զինադուլը

March 4, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոշ Ըռնեսթ
Ճոշ Ըռնեսթ

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցումը նպաստած է երկրին մէջ բաժնուող մարդասիրական օժանդակութիւններու յաւելման:

Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց օժանդակութեանց մատակարարումը դիւրացնելու համար յարգելու զինադուլը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ վերջին երեք օրուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինադուլը 31 անգամ խախտուած է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մերժեց այն խօսքը, թէ զինադուլը միայն երկու շաբթուան համար է` նշելով, որ Մոսկուա կը մեկնի այն իրողութենէն, որ զինադուլը անժամկէտ է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ տեղեկութիւն փոխանցած են Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերուն կողմէ զինադուլի խախտումներուն վերաբերեալ եւ միջոցներ կը ձեռնարկեն ստացուած տուեալները ստուգելու համար:

«Մենք անհանգստացած ենք այն հաղորդումներէն, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերու հրասայլներն ու հրետանին կրակ բացած են Լաթաքիոյ, Հոմսի ու Համայի մօտ եւ Դամասկոսի շրջանին մէջ», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը` աւելցնելով. «Մենք այդ տեղեկատուութիւնը տրամադրած ենք Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խումբի միւս երկիրներուն, որոնց շարքին` Ռուսիոյ եւ Իրանի: Մենք կը յորդորենք Սուրիոյ բոլոր կողմերը` զսպուածութիւն ցուցաբերելու»:

Միեւնոյն ժամանակ Թոնըր նշած է «Սուրիոյ մէջ օդային հարուածներու թիւի ակնյայտ կրճատումը նախորդ օրերու համեմատութեամբ»: Ան ճշդած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ տեղեկատուութեան փոխանակումը տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ եւ Ամմանի մէջ հսկողութեան կեդրոններու միջոցով:

Միւս կողմէ, Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահութիւնը յայտարարեց, որ կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ դաշնակցային դրութեան հաստատման գաղափարին:

 

Նախորդը

Ալճերիա Եւ Ռուսիա Կը Մերժեն Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատող Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի Որոշումը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.