
Հունգարիոյ մէջ հազարաւոր ծնողներ մերժեցին իրենց զաւակները ուղարկել դպրոց` բողոքելով կառավարութեան կրթական քաղաքականութեան դէմ:
Բողոքի ցոյցին պատճառով երկրի տարածքին մասնաւորաբար երկրորդական դպրոցներու մէջ աշակերտներու ներկայութեան պատկերը ազդուեցաւ:
Երկու շաբաթ առաջ, տասնեակ հազարաւորներ մասնակցեցան մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ ուսուցիչներու բողոքի ցոյցին` ընդդէմ կրթական բարեկարգումներուն, որոնք կը նախատեսեն կրթական համակարգի չափազանցուած կեդրոնականացում, ուսուցիչներու վարչական պարտականութիւններու յաւելում եւ դպրոցական դասագիրքերու ընտրանքներու նուազում:


