
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ համաշխարհային ահաբեկչական սպառնալիքի մասին հրապարակուած նախազգուշացման մէջ նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներ տեղեկութիւն ունին, թէ իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներ` ներառեալ Քայիտան եւ ՏԱՀԵՇ-ը արտասահմանի, նաեւ Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն եւ անոնց շահերուն դէմ նոր ահաբեկչութիւններ կը ծրագրեն:
«Վստահելի տեղեկութիւնը կը վկայէ, թէ այնպիսի խմբաւորումներ, ինչպիսին են ՏԱՀԵՇ-ը, Քայիտան, ինչպէս նաեւ անոնց ճիւղաւորումները, մօտիկ ապագային Եւրոպայի մէջ յարձակումներու կը նախապատրաստեն: Բոլոր եւրոպական երկիրները թիրախ են ահաբեկչական կազմակերպութիւններու յարձակումներուն համար», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարութեան կարծիքով` Եւրոպայի մէջ յարձակումներու կրնան ձեռնարկել նաեւ անհատ ծայրայեղականները, որոնք յայտնուած են իսլամական խմբաւորումներու ազդեցութեան տակ: Անոնք կրնան յարձակումներ գործել հասարակական փոխադրամիջոցներու եւ մեծաթիւ մարդոց այլ հաւաքավայրերու դէմ:
Մասնագէտները կը նշեն, որ Եւրոպայի մէջ ահաբեկիչներու առկայութեան մեծ հաւանականութիւն պիտի ըլլայ այնքան ժամանակ, որքան ՏԱՀԵՇ-ի եւրոպացի անդամները կը վերադառնան Սուրիայէն եւ Իրաքէն:


