Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Աթլանթիք»-ի. Օպամա Հիասթափուած` Էրտողանէն

March 12, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պարաք Օպամա
Պարաք Օպամա

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Աթլանթիք» ամսագիրը իր ելեկտրոնային տարբերակին մէջ կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «կորսնցուցած է պատրանքները», որոնք յառաջացած էին «Արաբական գարնան» իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ հիասթափուած է Միջին Արեւելքի պետութիւններու եւ Թուրքիոյ ղեկավարներէն:

Աղբիւրը ամերիկեան վարչակազմի ղեկավարին եւ այլ բարձրաստիճան ամերիկացի եւ արտասահմանցի պաշտօնատար անձերու հետ շարք մը հարցազրոյցներու հիման վրայ պատրաստած է ընդարձակ յօդուած մը, որ պիտի հրապարակուի ապրիլին:

Ամսագիրին վկայութեամբ` տակաւին երէկ Օպաման Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը նկատէր «չափաւոր իսլամ ղեկավար մը, որ պիտի յաղթահարէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ եղած բաժանումը»:

Սակայն այժմ Սպիտակ տան ղեկավարը զայն կը նկատէ իբրեւ անյաջողակ եւ մենատիրական ղեկավար, որ կը հրաժարի օգտագործել իր հսկայական բանակը` Սուրիոյ մէջ կայունութիւն ապահովելու նպատակով:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Օպամա բաւական լարուած յարաբերութիւններ ունի նաեւ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ: Իսկ 2014-ին Կալեսի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին Օպամա Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին յորդորած է իրեն չբողոքել Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներու շարքին իր վաղեմի ծանօթներուն մասին, այլ զինք յուզող հարցերը ուղղակի կերպով արծարծել ամերիկեան վարչակազմի ղեկավարի հետ հանդիպումին ընթացքին:

Միւս կողմէ, «Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Էրտողան 29 մարտէն 2 ապրիլ պիտի այցելէ Ուաշինկթըն` Օպամայի հետ բանակցելու համար: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ կողմերը պիտի քննարկեն նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն համար Սուրիոյ հիւսիսը «ապահովական գօտի» ստեղծելու հարցը:

 

Նախորդը

Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 30-Ամեակ. Յակոբ Հաւաթեան. «Կը Խոնարհինք Վաւերական Գործիդ, Մեծ Վաստակիդ, Անբասիր Նկարագիրիդ Ու Դաշնակցական Ղեկավարի Արժանիքներուդ Դիմաց»

Յաջորդը

Քրեմլին. «Դաշնակցային Դրութեան Որդեգրումը Սուրիացիներուն Վերաբերող Հարց Է»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.