Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան 2015-ի Մարդկային Իրաւանց Զեկուցում. Ազրպէյճանի Բանակին Մէջ Տեղի Կ՛ունենան Ֆիզիքական Խոշտանգումներ

April 15, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1206state_department

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է 2015-ի մարդկային իրաւանց տարեկան զեկուցումը, զոր Քոնկրեսին ներկայացուցած է արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի: Զեկուցումը տեղադրուած է արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ 2015-ին Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու շարքին են բանակին մէջ ֆիզիքական խոշտանգումները, լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու գործունէութեան արգիլումն ու սահմանափակումները:

Կը նշուի նաեւ, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ դատական համակարգը` այլախոհները չէզոքացնելու համար: Զեկուցումին մէջ կը նշուի նաեւ, որ ընտրութիւններու միջոցով իշխանափոխութիւն կատարելու Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն կարելիութիւնները սահմանափակուած են:

Միացեալ Նահանգներու Մարդու Իրաւունքներու
Խախտումներու Զեկուցումը
Խստօրէն Քննադատած Է Թուրքիան

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխարհի վրայ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ տարեկան զեկուցումի երեք գլուխներ նուիրուած են Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու աղէտալի վիճակին եւ անոնց մէջ խիստ քննադատութիւններ ուղղուած են Անգարայի հասցէին:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին կը յայտնէ թրքական «հապերտար» կայքը` նշելով, որ զեկուցումին մէջ Թուրքիոյ յատկացուած է 75 էջ, երբ Սուրիոյ յատկացուած է 55 էջ:

Զեկուցումի Թուրքիոյ վերաբերող բաժիններուն մէջ կ՛ըսուի. «Պետութիւնը կը միջամտէ խօսքի ազատութեան, իրաւունքի անկախութեան եւ իր թոյլ կառավարման պատճառով բաւարար կերպով չի պաշտպաներ քաղաքացիները»:

Զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ 7 յունիս 2015-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները արդար չեն եղած: Մարդու իրաւունքներու խախտումներուն առնչուած` զեկուցումին մէջ նշուած են հիմնական երեք քննադատութիւններ, որոնք են` կառավարութիւնը միջամտած է քաղաքացիներու արտայայտուելու ազատութեան` ձերբակալելով 30-է աւելի լրագրողներ, երկրին մէջ արդարադատութեան թուլութեան պատճառով կառավարութիւնը տարբեր անհիմն պատրուակներով կը փորձէ իշխանութիւնը քննադատող երեսփոխանները (հիմնականին մէջ քիւրտ) զրկել անձեռնմխելիութեան իրաւունքէ եւ բաւարար չափով չի կրնար պաշտպանել իր քաղաքացիները (զինուորական բախումներ, կիներու, ազգային եւ կրօնական, սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ոտնահարում, հակահայ, հակաալեւի, հակահրէական հռետորաբանութեան օգտագործում եւ այլն):

 

 

Նախորդը

Քերրի Յայտարարած Է Սուրիոյ Մէջ Յառաջիկայ Օրերուն Իշխանափոխութեան Շուրջ Հաւանական Համաձայնութեան Մասին

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Սկսաւ Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան 13-րդ Վեհաժողովը

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.