Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Մէջ Սկսաւ Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան 13-րդ Վեհաժողովը

Ապրիլ 15, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

OIC_41416

Երէկ Պոլսոյ մէջ շուրջ 30 իսլամական պետութիւններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովը, որուն բացման նիստին ընթացքին Թուրքիան ստանձնեց կազմակերպութեան 13-րդ նստաշրջանի նախագահութիւնը: 12-րդ նստաշրջանի նախագահ` Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի բացման նիստին ընթացքին արտասանեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի խօսքը` նշելով, որ Սուրիոյ, Եմէնի եւ Լիպիոյ մէջ զարգացումները արդիւնք են ներքին ու արտաքին մակարդակներու վրայ խնդիրներու` աւելցնելով. «Տագնապներու ընդլայնումը գրեթէ հասած է մարդկութեան դէմ սպառնալիքի մակարդակին»:

Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ պաղեստինեան հարցը կը շարունակէ անլոյծ մնալ` յոյս յայտնելով, որ միջազգային ընտանիքը պաղեստինեան պետութեան հաստատման համար տէր կը կանգնի իր պարտաւորութիւններուն:

Ան իր խօսքը աւարտելէ ետք կազմակերպութեան նախագահութիւնը յանձնեց Թուրքիոյ:

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Այատ Մատանի իր կարգին նշեց, որ պաղեստինեան հարցը կը շարունակէ մնալ կազմակերպութեան գլխաւոր հարցը: Ան վերահաստատեց Սուտանի դէմ հաստատուած «ամերիկեան անիրաւ պատժամիջոցները» ջնջելու կազմակերպութեան կոչը: Ան «Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի» խաղաղ լուծման կոչ ուղղեց:

Ապա խօսք առաւ նոր նստաշրջանի նախագահող երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ յայտնեց, որ պատերազմներէն ու ահաբեկչութենէն առաջին վնասուողները իսլամներն են` նշելով, որ պալքանեան երկիրներու, Խրիմի եւ հարաւարեւելեան Ասիոյ իսլամները անիրաւուած են:

Էրտողան կոչ ուղղեց հաստատելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ապահովական համակարգումի կեդրոն մը, որուն կեդրոնը ըլլայ Պոլսոյ մէջ: Ան նաեւ կոչ ուղղեց` կազմակերպութեան մէջ ստեղծելու կիներու խորհրդաժողով մը, որուն կեդրոնը դարձեալ ըլլայ Պոլսոյ մէջ:

Թուրքիոյ նախագահը արեւմտեան պետութիւնները այպանեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին նկատմամբ երկակի չափանիշներու կիրարկման համար` նշելով, որ կարգ մը երկիրներ Փարիզի եւ Պրիւքսէլի մէջ ահաբեկչական յարձակումներուն մասին կը խօսին, սակայն ոչ` Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն մասին:

Էրտողան ըսաւ, որ իսլամները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ներկայացուած չեն եւ այդ մէկը նկատեց անարդար` կոչ ուղղելով ՄԱԿ-ի մէջ բարեփոխումներ կատարելու:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի իրաւական եւ միջազգային հարցերու օգնական Ապպաս Արաքժի յայտարարեց, որ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստէն բխող հաղորդագրութիւնը սէուտական ջանքերով Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ չորս կէտեր կը բովանդակէ` աւելցնելով, որ կազմակերպութիւնը պիտի զղջայ Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ որդեգրած իր կեցուածքներուն համար:

«Կը Մերժենք Գաղթականներու
Բնակեցումը Լիբանանի Մէջ»

Ընդգծեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ վեհաժողովին վերահաստատեց Լիբանանի վճռակամութիւնը նախագահական ընտրութեան կայացման գծով, որպէսզի համակեցութեան օրինակ դարձած Լիբանանի քրիստոնեայ նախագահը իր խօսքը ուղղէ նման վեհաժողովներու ընթացքին եւ վերստանձնէ իր առաքելութիւնը:

Աւելի քան 30 նախագահներու եւ ներկայացուցիչներու ներկայութեան գումարուած այս վեհաժողովին, վարչապետ Սալամ ժողովականներու ուշադրութեան յանձնեց, թէ Լիբանան կը պատսպարէ մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ, ինչ որ մեծ դժուարութիւններ յառաջացուցած է` պահանջելով, որ մասնակից երկիրները օգնեն Լիբանանին եւ անոր բանակին, որ կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ` մերժելով Լիբանանի մէջ բնակեցնել սուրիացի գաղթականները: Սալամ նաեւ յիշեցուց, որ շրջանային հրատապ հարցերը պէտք չէ մոռցնեն արաբական աշխարհի հիմնական հարցը` պաղեստինեան դատը:

«Միութիւն եւ համերաշխութիւն վասն արդարութեան եւ խաղաղութեան» կարգախօսով գումարուող երկօրեայ այս վեհաժողովին Սալամ անջատ տեսակցութիւններ ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի հետ: Լիբանանեան եւ տեղեկատուական այլ աղբիւրներու համաձայն, վարչապետ Սալամի տեսակցութիւնները նշեալ անձնաւորութիւններուն հետ սահմանափակուած են ողջոյնի եւ առնչակից արտայայտութիւններով` առանց կեդրոնանալու Լիբանանը յուզող հրատապ հարցերուն վրայ:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան 2015-ի Մարդկային Իրաւանց Զեկուցում. Ազրպէյճանի Բանակին Մէջ Տեղի Կ՛ունենան Ֆիզիքական Խոշտանգումներ

Յաջորդը

Պքերքէի Մէջ Ընդունելով Ծոցի Երկիրներու Դեսպանները. Ռայի Պատրիարք Վերահաստատեց Լիբանանի Եւ Ծոցի Երկիրներուն Բարեկամութիւնը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?