ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գաղթի միջազգային կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ տարեսկիզբէն Միջերկրական ծովուն ճամբով Եւրոպա հասած են շուրջ 174 հազար գաղթականներ եւ տեղահանուածներ: Եւրոպական երկիրներ հասնելու փորձի ընթացքին զոհուած են 723 մարդիկ:
Գաղթի միջազգային կազմակերպութեան տուեալներով` 1 յունուարէն մինչեւ 11 ապրիլ Եւրոպա հասածներուն ընդհանուր թիւը 173.761 է: Յունաստան եկած է 153.156 մարդ, Իտալիա` 19.930, Սպանիա` 648, Կիպրոս` 27 հոգի:
Անցեալ տարուան առաջին չորս ամսուան ընթացքին Եւրոպա հասածներուն թիւը կազմած է 48.636: