Ամերիկացի Դիւանագէտներ Կը Յորդորեն
Օպաման Ռմբակոծելու Սուրիան,
Ռուսիա Կը Հակազդէ
Ամերիկացի զինուորական պատասխանատու մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ռուսիա հինգշաբթի օր հարաւային Սուրիոյ մէջ Թանաֆի մօտ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող սուրիացի ընդդիմադիր ուժերու, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող ուժերու դէմ օդային հարուածներ հասցուցած է:
Ան քննադատելով այդ օդային հարուածները նշած է. «Ռմբակոծման ժամանակ շրջանին մէջ ռուսական կամ սուրիական ցամաքային ուժեր չկային, ինչ որ իրողապէս կը բացառէ ինքնապաշտպանութեան վարկածը»:
«Ռուսիոյ վերջին արարքները ռուսական մտադրութեան վերաբերեալ մեծ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն», ըսած է ան` նշելով. «Մենք Ռուսիայէն պիտի պահանջենք այդ արարքին դրդապատճառներուն մասին բացատրութիւն, ինչպէս նաեւ պիտի պահանջենք երաշխիքներ, թէ այդ հարցը դարձեալ պիտի չկրկնուի»:
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
Աշխատակիցներ Կը Յորդորեն
Օպաման Ռմբակոծելու Սուրիան
Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աւելի քան 50 աշխատակիցներ ստորագրած են ներնախարարական խնդրագիր մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղեն զինուորական գործողութիւններու սկսելու Դամասկոսի դէմ:
Պաշտօնեաները այդպիսի միջոցառումները կը նկատեն միակ լուծում ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ եւ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:
Խնդրագիրը կոչ կ՛ուղղէ զինամթերքը ճիշդ ձեւով օգտագործելու, որպէսզի Սուրիոյ մէջ զինադուլի խախտման դէպքերը դադրին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտնեց, որ իրենք կը յարգեն դիւանագէտներուն խնդրագիրը` վստահեցնելով, որ այդ խնդրագիրը պիտի ուսումնասիրուի:
Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ Տէյվիտ Կոլտֆին յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծման, սակայն ատիկա ռուսական եւ սուրիական օդանաւերը թիրախ դարձնել կը պահանջէ:
Ան նշեց, որ այդ ծրագիրի իրագործման համար գոյութիւն ունին երեք պայմաններ, որոնց կարեւորագոյնը այդ գօտին խզող ռուսական եւ սուրիական օդանաւերը թիրախ դարձնելու արտօնութիւն ունենալն է:
Ռուսիոյ Հակազդեցութիւնը
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ «սուրիական տագնապը բռնի ուժով լուծելը մեր գործելաոճը չէ»` աւելցնելով. «Մեզի համար գաղտնիք չէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կան քաղաքական ուժեր, որոնք կոչ կ՛ուղղեն Սուրիոյ տագնապը լուծելու զինուորական ուղիով, սակայն ատիկա մեր գործելաոճը չէ»:
«Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ Ռուսիոյ կեցուածքը շատ ծանօթ է», ըսաւ ան` նշելով. «Բանակցութիւններու հոլովոյթը, Սուրիոյ աջակցութեան խմբակի կազմութիւնը, ՄԱԿ-ի եւ միջազգային այլ դերակատարներու միջնորդութեամբ միջսուրիական երկխօսութեան նախաձեռնումը ատոր լաւագոյն փաստն է»:
Քրեմլին յայտնեց, որ սուրիական կառավարութեան տապալումը պիտի չնպաստէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, այլ ամբողջ շրջանը կրնայ մղել դէպի քաոս:
Քրեմլին յայտնեց, որ Ռուսիան ռմբակոծեց Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող սուրիացի ընդդիմադիրները, որովհետեւ կարգ մը շրջաններու մէջ Ժապհաթ Նուսրայի եւ «չափաւորական ընդդիմութեան» իրարու կցուած ըլլալը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին արգելք կը հանդիսանայ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն` սուրիական բանակը հարուածելու առաջարկը մտահոգիչ է իւրաքանչիւր ողջախոհի համար: