Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի քուէարկողներուն մօտ ժողովրդականութեան համեմատութիւնը 6 կէտով կը գերազանցէ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տոնալտ Թրամփի ժողովրդականութեան համեմատութիւնը:
9-էն 13 յունիսի միջեւ 1280 անձերու մասնակցութեամբ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակ պիտի արձանագրէ Քլինթըն` ստանալով քուէներուն 43 առ հարիւրը, իսկ Թրամփ պիտի ապահովէ քուէներուն միայն 37 առ հարիւրը:
Հակառակ այդ առաւելութեան, նոր հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Քլինթընի ժողովրդականութիւնը մարտ ամսուան համեմատ նահանջ արձանագրած է: Մարտին կատարուած հարցախոյզը ցոյց կու տար, որ քուէարկողներուն 50 առ հարիւրը պիտի քուէարկէ ի նպաստ Քլինթընի, իսկ 40 առ հարիւրը` Թրամփի: