«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահութեամբ գումարուած Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին որոշուած է երկարաձգել 15 յուլիսի զինուորական յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք հաստատուած արտակարգ դրութիւնը:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Մեր քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ապահովման արդիւնաւէտութեան նպատակով որոշում տրուեցաւ արտակարգ դրութիւնը շարունակելու վերաբերեալ»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յուլիսի վերջաւորութեան յայտարարած էր, որ երեք ամսուան ժամկէտը ամբողջանալէն ետք արտակարգ դրութիւնը պիտի չերկարաձգուի:
Անվտանգութեան խորհուրդը նաեւ որոշած է շարունակել «Եփրատի վահան» գործողութիւնը, որպէսզի ամրապնդուի սահմաններու անվտանգութիւնը եւ այդ տարածքներուն մէջ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատուի:
Միւս կողմէ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդին որոշումով երկրին մէջ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ դադրեցուած է 12 պատկերասփիւռի կայաններու սփռումը:
Խորհուրդին որոշումով փակուած պատկերասփիւռի կայաններուն շարքին են ընդդիմադիր եւ քրտական պատկերասփիւռի կայաններ, ինչպէս` «Հայաթըն Սեսի»-ն, «Թի.Վի.10»-ը, «Վան Թի.Վի.»-ն, «Ճիյան Թի.Վի.»-ն, «Ազատի Թի.Վի.»-ն եւ «Զարոկ Թի.Վի.»-ն: