Ուաշինկթըն Մոսկուայի Կոչ Կ՛ուղղէ Վերականգնելու Սուրիոյ Մէջ Դիւանագիտական Հոլովոյթին Հաւաստիութիւնը
Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ մեկնաբանելով ամերիկացի կարգ մը քաղաքագէտներու` Սուրիոյ զարգացումներուն լոյսին տակ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու կոչերը, յայտնեց. «Յաւելեալ ելեւմտական պատժամիջոցներ հաստատելու հեռանկարը տակաւին կը քննարկուի»:
Ըստ անոր, «ելեւմտական պատժամիջոցները իրենք զիրենք փաստած են ամբողջ աշխարհի տարածքին` իբրեւ մեր շահերու ապահովման օգտակար միջոց: Ուստի, այդպիսի պատժամիջոցներու հաստատումը չենք բացառեր»:
Սպիտակ տան բանբերը աւելցուց, որ Ուաշինկթըն կը նախընտրէ իր գործընկերներուն հետ գործակցութեան ուղին եւ ոչ թէ միակողմանի քայլերը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր ամերիկեան «Հուրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ դիւանագիտական հոլովոյթի հաւաստիութիւնը վերականգնելու համար «արտասովոր» նախաձեռնութեան մը դիմելու:
«Այն, որուն կը ձգտի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին եւ այն, ինչ որ վերջերս Նիւ Եորքի մէջ ան յստակացուց այն է, որ կարիքը ունինք տեսնելու Ռուսիոյ կողմէ ջանք մը եւ իսկական առաջարկներ` վերականգնելու համար Սուրիոյ մէջ դիւանագիտական հոլովոյթը, որպէսզի ատիկա յառաջ ընթանայ», ըսաւ ան:
Թոնըր նաեւ նշեց. «Այդ քայլերուն կարեւորագոյնը սուրիական եւ ռուսական պատերազմական օդանաւերու սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն վերեւ թռիչքները դադրեցնելն է»: