«Սփութնիք-աբխազիա.ռու» կայքը` յղում կատարելով Աբխազիոյ ներքին գործոց նախարարին, կը հաղորդէ, որ երկրին պետական պատկերասփիւռի կայանի շէնքի տարածքին մէջ մարդ մը ինքզինք պայթեցուցած է:
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ անյայտ անձը կանուխ առաւօտուն պայթեցուցած է ականը:
Աբխազիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն յայտնած են, որ նշեալ տարածքին մէջ յայտնաբերուած է «մօրուքաւոր տղամարդու դիակ»:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ ներքին գործոց նախարար Ասլան Քոպախիա լրագրողներուն ըսած է. «Պատկերասփիւռի կայանի տարածքին մէջ մէկը պայթում կատարած է, յստակ կ՛երեւի, որ ան խոցող բաղադրատարրերով ռումբ ունեցած է: Հաւանաբար ան մինակ չէ եղած: Հետախուզական աշխատանք կը կատարուի Աբխազիոյ բոլոր ապահովական կառոյցներուն մասնակցութեամբ»:
Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Խաճիմպա յանձնարարած է ուժեղացնել կեդրոններու, ներառեալ դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու պահպանութիւնը: Ան մատնանշած է պայթումը կատարած տղամարդու ինքնութիւնը շուտափոյթ կերպով բացայայտելու անհրաժեշտութիւնը: