«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Վան նահանգի Արճէշ շրջանի թաղապետ մը, որ վերջերս նաեւ նշանակուած է Արճէշի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, 16 հոկտեմբերին իր տան առջեւ սպաննուած է դիմակաւոր զինեալներու կողմէ:
Արճէշի Լաթիֆիյէ թաղամասի թաղապետ Մեհմեթ Շերիֆ Տողու տեղւոյն վրայ մահացած է:
Ան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ վերջերս որդեգրուած հրամանագիրով մը նշանակուած էր Արճէշի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ:
Թրքական ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է փնտռտուքին Տողուն սպաննած զինեալներուն, որոնք յարձակում գործելէ ետք փախուստ տուած են: