
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնած է, որ Ռուսիան պիտի դիմէ Միացեալ Նահանգներու համար ցաւոտ քայլերու, եթէ վերջինս շարունակէ պատժամիջոցներ հաստատել Ռուսիոյ դէմ:
Ան նշած է, որ ներկայիս պատժամիջոցներ սահմանուած են 281 իրաւաբանական եւ 81 պաշտօնական անձնաւորութիւններու դէմ:


