Ազրպէյճանական «Քոնթաքթ.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով Եւրոպական Միութեան յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ կը բացակայի անձամբ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած շնորհաւորանքը, ինչ որ այդպիսի պարագային ընդունուած կարգ է:
«Եւրոպական Միութիւնը կը շնորհաւորէ Ազրպէյճանը եւ ժողովուրդը անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին առիթով», նշուած է Եւրոպական Միութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ:
Ազրպէյճանական կայքը նախապէս նշած է, որ երկար տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Ազրպէյճանի նախագահին եւ ժողովուրդին շնորհաւորանք չէ յղուած Միացեալ Նահանգներու նախագահին անունով: