Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Ձերբակալած Են «Պի.Պի.Սի.»-ի Եւ «Ամերիկայի Ձայն»-ի Լրագրողները
Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են միջազգային լրատուամիջոցները ներկայացնող երկու լրագրողներ` «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութեան թղթակից Հաթիս Քամերին եւ «Ամերիկայի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի աշխատակիցը: «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ ձերբակալութիւնները տեղի ունեցած են Տիգրանակերտ եւ Շիրվան քաղաքներուն մէջ: Աղբիւրին տուեալներով` լրագրողներուն չեն յայտնած ձերբակալման պատճառը: Նոյեմբերի սկիզբը Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած էր 52-ամեայ ֆրանսացի լրագրող Օլիվիէ Պերթրանը, զոր աւելի ուշ արտաքսած էին դէպի Ֆրանսա:...




















