Ֆրանսայի աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն յայտնեց. «Եթէ յառաջիկայ տարի Ֆրանսայի նախագահ ընտրուիմ, ապա Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ կազմուած պիտի ըլլայ միջազգային ղեկավարներու եռեակ մը, ինչ որ օգտակար պիտի ըլլայ աշխարհի խաղաղութեան համար»: