Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնեց, թէ մտահոգ է, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ 20 յունուարին Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդմնակալութենէն առաջ արեւելեան Հալէպը ճնշելու նոր յարձակում մը կրնայ շղթայազերծել»:
Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններու ռմբակոծման վերջ տալու եւ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու: