Դիւանագիտական աղբիւր մը ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու 13 դեկտեմբերին պիտի այցելէ Ազրպէյճան:
Ազրպէյճան իր միօրեայ այցելութենէն ետք, Իսրայէլի վարչապետը պիտի մեկնի Ղազախստան: Կը նշուի, որ ասիկա Նեթանիահուի` իբրեւ Իսրայէլի վարչապետ առաջին այցելութիւնն է նշեալ երկիրներ:
Այցելութեան ծիրին մէջ կ՛ակնկալուի տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրումը: