
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատանայի նահանգապետարանի կառատան մէջ ինքնաշարժ մը պայթած է: Թրքական պետական լրատու գործակալութիւնը կատարուածը բնորոշած է իբրեւ ահաբեկչութիւն:
Պայթումին պատճառով հրկիզուած են ականահարուած ինքնաշարժին շուրջ կանգնեցուած այլ ինքնաշարժներ եւ վնասուած է նահանգապետարանի շէնքը:
Ատանայի նահանգապետ Մահմութ Տեմիրթաշ յայտնած է, որ պայթումը ենթադրաբար գործուած է կնկայ մը կողմէ: Սպաննուած են երկու անձեր եւ 30 ուրիշներ վիրաւորուած:
Թրքական ոստիկանութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Ատանայի մէջ ձերբակալած է երկրորդ ականուած ինքնաշարժի մը վարորդը:


