Ճիպութիի արտաքին գործոց նախարար Մահմուտ Ալի Եուսեֆ յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ իր հողերուն վրայ սէուտական ռազմակայանի մը ստեղծումը:
Ան յայտնեց, որ սէուտցի զինուորական պատասխանատուներ այցելած են Ճիպութիի կարգ մը շրջաններ, ուր պիտի ստեղծուի սէուտական ռազմակայանը:
«Մենք անշուշտ սկզբունքային համաձայնութիւն տուինք ատոր եւ կը նախատեսենք, որ մօտ օրէն այդ համաձայնութիւնը ստորագրուի», ըսաւ ան` նշելով, որ իր երկիրը սկիզբէն զգաց, որ Թեհրանի հետ գործակցութեան մէջ կասկած յառաջացնող բազմաթիւ երեւոյթներ կան, «եւ այդ համագործակցութիւնը կը պարունակէ հարցեր, որոնք մեզ անորոշ ուղղութիւններով թերեւս կը տանին, ուստի անկէ քիչ առ քիչ հեռացանք»: