Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Յարգէ Ռուսիոյ` Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրը Լուծելու Կամքը

Դեկտեմբեր 2, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

lavrov-cavus_120116

«Թուրքիան Սուրիոյ Խնդիրին Շուրջ Ոչ Բոլոր Հարցերուն Մէջ Ռուսիոյ Համամիտ Է, Սակայն Երկուքս Ալ Կողմ Ենք Քաղաքական Լուծման»

Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ այցելեց Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքը, ուր իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ քննարկումները դրական էին եւ սուրիական թղթածրարին վերաբերեալ կեցուածքները իրարու համահունչ` աւելցնելով, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման համար Թուրքիոյ հետ գործակցութիւնը:

«Ռուսիան պատրաստ է Սուրիոյ վերաբերեալ բոլորին հետ երկխօսութիւն կատարելու», ընդգծեց ան:

Չաւուշօղլու իր կարգին ըսաւ, որ Ռուսիան ու Թուրքիան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ միացեալ աշխատանք կը տանին` շեշտելով. «Անոնց միջեւ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի»:

«Ասատի վերաբերեալ մեր նախագահին դիրքորոշումը յստակ է: Մենք գիտենք, որ Ասատ պատասխանատու է Սուրիոյ մէջ սպաննուած 600 հազար մարդոց համար: Ռուսիոյ հետ կրնանք տարբեր կերպ մտածել, ատիկա բնական է: Սակայն քաղաքական հանգուցալուծման հարցին մէջ մենք համամիտ ենք Ռուսիոյ հետ: Թուրքիան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք աչք չունինք Սուրիոյ հողերուն վրայ», ըսաւ Չաւուշօղլու:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Չաւուշօղլու նաեւ յայտնեց. «Մենք կը յարգենք Ռուսիոյ` Ղարաբաղի հիմնահարցը լուծելու կամքը: Իրաքի եւ Սուրիոյ հարցին մէջ ալ մեր համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն համար: Մենք ալ Սերկէյի հետ ամէն հարթակի վրայ կը հանդիպինք: Ասիկա ցուցադրական բան չէ»:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին խօսքը սխալ թարգմանուած է, ինչ որ դարձած է թիւրիմացութեան եւ գայթակղութեան պատճառ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադառնալով այդ հարցին յայտնած է. «Թրքական մամուլը կը գրէ, որ Սերկէյ Լաւրով մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է. «Թրքական դիրքերու դէմ յարձակումը կատարած է սուրիական բանակը»: Նախարարը ըսած է ճիշդ հակառակը. ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ ալ Սուրիան թրքական դիրքերը հարուածած են: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները իրենց լրատուամիջոցներու այդ սխալը մեկնաբանած են թրքերէնի իւրայատկութիւններով եւ թարգմանութեան դժուարութիւններով»:

Միւս կողմէ, թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարի տեղակալ Ռեսուլ Սենայիրատ յայտարարութիւն կատարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` գայթակղութիւն յառաջացուցած յայտարարութեան վերաբերեալ:

Էրտողան յայտարարած էր, որ իր զօրքերը Սուրիոյ մէջ գործողութիւններ կը կատարեն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին վերջ տալու նպատակով: Անդրադառնալով այդ յայտարարութեան` Սենայիրատ ըսած է. «Էրտողանի ուժը չի բաւեր Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը տապալելու համար: Եթէ Թուրքիան այդպիսի հզօրութիւն ունենար, ապահովական գօտի ստեղծելու հարցին մէջ պիտի յաջողէր»:

Նախապէս Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր թուրք պաշտօնակից Էրտողանի հետ քննարկած է վերջինիս Սուրիոյ վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւնը եւ Էրտողան այդ առնչութեամբ բացատրութիւններ տուած է:

Ուշաքով աւելցուցած է, որ ինք չի կրնար ըսել, եթէ Փութին բաւարարուած է այդ բացատրութիւններով:

Թուրքիոյ նախագահական պալատէն աղբիւր մը չորեքշաբթի օր յայտնած էր, որ Էրտողանի` Ասատը տապալելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը «պէտք չէ բառացի հասկցուի»:

 

Նախորդը

Թրամփ Պաշտօնապէս Յայտարարած Է Էլէյն Չաոն Փոխադրամիջոցներու Նախարար Նշանակելու Մասին

Յաջորդը

«Կը Յուսանք Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Գործակցիլ Ուաշինկթընի Հետ» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?