Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուքաշենքօ Կրնայ Ցկեանս Իշխել

Դեկտեմբեր 3, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

lukashenko_113016

«Նեզաւիսիմայա կազեթա» կը գրէ, որ Պիելոռուսիոյ  Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կարծիքով`  նախագահական նստաշրջանի 5-էն 7 տարուան երկարաձգումը պիտի նպաստէ «հասարակութեան կայունութեան» եւ նոր ընտրութիւններու ծախսերու տնտեսման:

Նախագահական լիազօրութիւններու ժամկէտի երկարաձգման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Պիելոռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի ղեկավար Լիտիա Երմոշինան վաւերացուցած է բարեփոխումը:

«Եթէ քննարկման չմիանային պաշտօնական անձեր, ապա կարելի էր կարծել, որ ատիկա ընդամէնը Ազատական ժողովրդավարներու նախաձեռնութիւնն է, սակայն քննարկման միացած է Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի ղեկավարը, որ յայտարարած է, թէ այդ առաջարկը «ոչինչով կը հակասէ միջազգային գործելաոճին», կը գրէ ռուսական օրաթերթը:

Առաջարկը աւելին է, քան նախագահական ժամկէտի երկարաձգումը: Խօսքը կը վերաբերի հանրաքուէի միջոցով սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններու, որոնց շարքին ընտրական համակարգին մէջ: Կ՛առաջարկուի նաեւ աւելցնել երեսփոխանական նստաշրջանի ժամկէտը:

Կ՛առաջարկուի հանրաքուէն կատարել 2018-ին: «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» կը նշէ, որ վերջերս Լուքաշենքօ խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, որ Պիելոռուսիոյ սահմանադրութիւնը փոփոխութիւններու կարիքը ունի:

Փորձագէտները կ՛ենթադրեն, որ խօսքը նախագահի իշխանութիւնը նոր ձեւերով երկարաձգելու մասին է: Օրինակ` նախագահը ընտրելու իրաւունք կրնայ տրամադրուիլ խորհրդարանին:

Որոշ դէտեր կ՛ենթադրեն, որ Լուքաշենքոյին արդէն «անյարմար» է վեցերորդ անգամ ըլլալով ընտրուիլ նոյն դիպաշարով, եւ ան կա՛մ պիտի փնտռէ իշխանութեան պահպանման նոր ձեւ, կա՛մ զայն պիտի վստահի վստահելի փոխանորդի մը: Վերջինիս առումով շատ աւելի թերահաւատութիւն կայ, քան իշխանութեան փոխանցման ձեւի փոփոխութեան:

Հաւանական է նաեւ նախագահական լիազօրութիւններու մասին նախորդ հանրաքուէի դիպաշարի կրկնութիւնը: Այդ ժամանակ սահմանադրութեան մէջ ոչ միայն պարզապէս փոփոխութիւններ մտցուեցան, այլ նաեւ ինքնեկ կերպով երկարաձգուեցաւ գործող նախագահի պաշտօնավարութեան ժամկէտը:

Մեկնելով այդ տրամաբանութենէն` 2018-ին Լուքաշենքոյի նախագահութեան նստաշրջանը «պիտի զերոյանայ», եւ պիտի սկսի նոր եօթը տարիներու հաշուարկը:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Ռուսիան Եւ Սուրիոյ Ընդդիմութիւնը Գաղտնի Բանակցութիւններ Կը Վարեն» Կը Գրէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?