Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Պատրաստ Է Ընդունելու Հալէպէն Դուրս Եկողները» Յայտարարած Է Էրտողան

December 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

erdogan_121616

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ ՄԱԿ-ի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ քննարկած է Հալէպի հարցը:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Էրտողան յայտարարած է արեւելեան Հալէպէն դուրս բերուողները իր երկիր ընդունելու եւ անոնց կենսապայմանները ապահովելու վճռակամութեան մասին, ինչպէս նաեւ այդ հարցին մէջ ՄԱԿ-ի նորընտիր ընդհանուր քարտուղարէն օգնութիւն խնդրած է:

«Այդ պարագային, երբ Արեւմուտքի որոշ երկիրներ կը յայտարարեն, թէ մէկ հոգի իսկ պիտի չընդունին, մենք մէկ չէ, հազար հոգի ալ ըլլայ, պատրաստ ենք ընդունելու, եւ այս հարցին մէջ վճռական ենք», յայտարարած է ան:

Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ Հալէպի հարցով աշխուժ քննարկումներ ծաւալած է Փութինի եւ Օպամայի հետ, ինչպէս նաեւ ընդգծած, որ Գերմանիոյ վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցութիւն ցուցաբերելու մարդասիրական օժանդակութեան հարցին մէջ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան պահեստային ծրագիրներու պիտի դիմէ, եթէ Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի ազատ դրութեան հաստատման գործարքը ձախողի:

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ հինգշաբթի օր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 48 ժամուան մէջ 4-րդ անգամ ըլլալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իրանցի իր պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ: Զրոյցի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է քաղաքայինները Հալէպէն դուրս բերելու գործողութիւնը չարգելակելու եւ առաջնահերթութիւնը վիրաւորներուն տալու շուրջ:

Աղբիւրները նշած են, որ Չաւուշօղլուի կատարած հեռաձայնային աշխուժ հաղորդակցութիւններն ու Էրտողանի` Փութինի հետ կատարած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը «նպաստեցին երեքշաբթի օր յայտարարուած եւ չորեքշաբթի օր սուրիական վարչակարգին ու անոր դաշնակից միլիսներու կողմէ զինադադարի խախտման պատճառով խանգարուած զինադադարի փրկութեան»:

Աղբիւրները յայտնած են, որ վերոնշեալ հեռաձայնային հաղորդակցութեանց ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է դուրս բերելու բոլոր վիրաւորները, ներառեալ անոնք, որոնց դուրս բերումը կը պահանջէ Իրանը:

Միւս կողմէ, «Լենթա.ռու» կայքը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի դեսպանները կանչած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: «Ես տակաւին նոր հրաւիրած եմ Ռուսիոյ եւ Իրանի դեսպանները, որպէսզի խոր մտահոգութիւն յայտնեմ Հալէպի հարցով: Ծայրայեղ կարեւոր է պաշտպանել խաղաղ բնակիչները եւ օգնութիւն տրամադրել անոնց», գրած է Ճոնսըն:

Մինչ այդ, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Փարիզի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ առանց քաղաքական համաձայնութեան եւ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ համաձայնութեան Իտլիպը կրնայ վերածուիլ երկրորդ Հալէպի:

Ան աւելցուց, որ Հալէպի մէջ նախկինին նման կը շարունակէ ապրիլ շուրջ 50 հազար խաղաղ բնակիչ, ինչպէս նաեւ 1,5-5 հազար մարդիկ, որոնք կը մասնակցին զինուորական գործողութիւններուն: Ան նշած է, որ վերջիններս կը թաքնուին տուներուն մէջ:

 

Նախորդը

Թրամփ Խոստացած Է Ծոցի Երկիրներու Նիւթական Միջոցներով Սուրիոյ Մէջ Ստեղծել Անվտանգութեան Գօտիներ

Յաջորդը

Զինեալները Կը Խանգարեն Հալէպի Մէջ Համաձայնութեան Գործադրութիւնը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.