Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Պատասխանեն Ռուսիոյ Նախագահական Ընտրութեան Միջամտելուն Համար» Կ՛ըսէ Օպամա

Դեկտեմբեր 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

obama_121616

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր երկրին պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` անդրադառնալով Ռուսիոյ ենթադրեալ միջամտութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ ռուսական կողմին «պիտի պատասխանեն»:

«Երբ որեւէ օտար կառավարութիւն կը փորձէ ազդել մեր ընտրութեան արդար ելքին վրայ, մենք, անկասկած, պէտք է գործի անցնինք: Եւ մենք ատիկա պիտի ընենք` ուղղակի մեր իմացած տեղը եւ ժամուն: Մեր տուած պատասխանին մէկ մասը կրնայ հրապարակային դառնալ ու իմացուիլ, իսկ միւս մասը կրնայ գաղտնի մնալ», ըսած է Օպամա:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւններուն ունեցած տուեալներուն համաձայն, Ռուսիոյ համար աշխատող կայքահէնները յարձակում գործած են Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատական կուսակցութեան համակարգչային ցանցին վրայ` յաւելեալ բարդութիւններ յառաջացնելով նախագահական ընտրապայքարի մասնակից Հիլըրի Քլինթընի համար:

Շարունակելով նիւթը` Օպամա ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետախուզութիւնը տակաւին կը շարունակէ ուսումնասիրել Ռուսիոյ միջամտութեան հարցը եւ որ ատոր վերաբերեալ վերջնական զեկուցումը պատրաստ պիտի ըլլայ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութենէն առաջ:

Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կա՛մ պէտք է փաստեն կայքահէնութեան ամբաստանութիւնը, կա՛մ ալ պէտք է կատարելապէս լուռ մնան:

Վերջերս ամերիկեան լրատուամիջոցներ հրապարակած էին տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անձամբ միջամտած է նախագահական ընտրութիւններուն: Մինչդեռ Քրեմլին այդ պնդումները անուանած է «ծիծաղելի անհեթեթութիւն»:

Նախորդը

«Պաքու 5 Միլիառ Տոլարի Սպառազինութիւն Գնած Է Իսրայէլէն» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Հետ Նոր Վեհաժողով Պիտի Գումարէ Գաղթականներու Հարցին Վերաբերեալ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?