Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Ֆուա Եւ Քաֆարիա Շրջաններու Բնակիչներ Տարհանող Փոխադրակառքեր Հրկիզուած Են

December 19, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

haleb_121816

Պատերազմական կեդրոնական տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորման եւ Ահրար Շամ շարժումին միջեւ Իտլիպի մէջ գտնուող երկու պաշարուած գիւղերուն` Ֆուայի եւ Քաֆարիայի շրջակայքը եղած բախումներուն պատճառով երկու շրջաններէն բնակիչներ տարհանելու յատուկ 5 փոխադրակառքեր հրկիզուած են: Երկու խմբաւորումներուն միջեւ տարակարծութիւն ծագած էր փոխանակման գործողութեան վերաբերեալ: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զոյգ շրջաններէն վիրաւորներու տարհանումը խոչընդոտելով հարցերը պիտի վերադառնան զերօ կէտին:

Աւելի կանուխ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ  համաձայնութիւն ձեռք բերուած է  կառավարութեան ուժերուն եւ զինեալներուն միջեւ Ֆուա եւ Քաֆարիա շրջաններէն շուրջ 1200 անձ անվտանգ դուրս բերելու եւ կառավարութեան հսկողութեան տակ եղող վայրեր փոխադրելու, ապա Հալէպէն նոյն թիւով զինեալներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներուն անարգել դուրս գալու արտօնութիւն տալու շուրջ: Այս համաձայնութեան լոյսին տակ ալ Միջազգային կարմիր խաչի անդամներ արդէն հասած էին նշեալ շրջաններ եւ որոշ դասաւորումներու սկսած:

Թէեւ լրատուական կարգ մը միջոցներ հաղորդեցին, որ այս զարգացումներուն լոյսին տակ փոխանակման գործողութիւնը յետաձգուած է` ցնոր տնօրինում, սակայն երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նոր փոխադրակառքեր ուղղուած են Ֆուա եւ Քաֆարիա` տարհանման գործողութեան սկսելու նպատակով:

Մինչ այդ տեղեկութիւններ շրջան ըրին այն մասին, որ տակաւին Հալէպի արեւելեան շրջաններուն մէջ մնացած զինեալ խմբաւորումներ ճնշում կը բանեցնեն իրենց բանագնացներուն վրայ, որպէսզի կարելի եղածին չափ արագացնեն տարհանման աշխատանքները, որովհետեւ իրենք պիտի հրկիզեն իրենց կեդրոններն ու պահեստանոցները:

Հալէպ Դիտորդ Ուղարկելու Հարցը
Պիտի Քննարկուի Այսօր

Այսօր` 19 դեկտեմբերին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պիտի քննարկէ Ֆրանսայի կողմէ ներկայացուած առաջարկը` Հալէպ դիտորդներ ուղարկելու, որպէսզի անոնք Հալէպի պաշարուած շրջաններէն մարդոց տարհանման հոլովոյթը դիտարկեն:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չորքին այս մասին խօսելով հաստատեց, որ «ֆրանսական նախագիծը` Հալէպի մէջ միջազգային դիտորդներ տեղադրելու, վտանգաւոր է եւ անգործադրելի, ուստի` մենք անոր պիտի չզօրակցինք»: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Մոսկուա պիտի արգիլէ Ապահովութեան խորհուրդը` նման որոշում տալէ:

Ռուսիա, Իրան Եւ Թուրքիա Հանդիպում`
Սուրիոյ Օրակարգով

Երէկ երեկոյեան Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած է Ասթանայի մէջ սուրիական կառավարութեան եւ զինեալներուն միջեւ բանակցութիւններ կատարելու հարցը:

Աւելի կանուխ Փութինի ներկայացուցիչ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով յայտարարեց, որ սուրիական կառավարութեան եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ բանակցութիւններուն վերսկսիլը շատ բնական եւ իրատեսական երեւոյթ է:

Ան հաստատեց, որ Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը` նշելով, որ Փութին թուրք իր պաշտօնակիցին հետ խօսած էր այս մասին եւ ողջունած գաղափարը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Պահրամ Քասեմի յայտարարած էր, որ նման հանդիպում մը տեղի պիտի ունենար 27 դեկտեմբերին, սակայն իրանեան «Թանսիմ» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անիկա յառաջաձգուած է եւ պիտի գումարուի 20 դեկտեմբերին:

 

Նախորդը

«Մինսք Հանդէս Կու Գայ Բանակցութիւններու Ճամբով Տագնապներու Լուծման Օգտին» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Յաջորդը

Սուրի Պետական Շէնքէն Կը Վերցուին Հայերէն Եւ Ասորերէն Գրութիւնները

RelatedPosts

Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն

January 19, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Իրենց Իրաւունքներուն Շուրջ  Նախագահական Հրամանագիրը «Սուրիացի Ժողովուրդի  Ձգտումները Չբաւարարող» Կը Նկատեն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Քիւրտերը Իրենց Իրաւունքներուն Շուրջ Նախագահական Հրամանագիրը «Սուրիացի Ժողովուրդի Ձգտումները Չբաւարարող» Կը Նկատեն

January 19, 2026
Թրամփ Ռուպիոն Եւ Պլերը Կազայի  «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Անդամ Նշանակեց
Միջազգային

Թրամփ Ռուպիոն Եւ Պլերը Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Անդամ Նշանակեց

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.