Քնեսեթի անդամ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ցիփի Լիվնի «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ հրապարակեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ինքնանկար մը:
Լիվնի լուսանկարին տակ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ` Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովին ընթացքին: Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններու բնականոնացման կարեւորութեան շուրջ քննարկում»:
Լիվնի նախապէս «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած էր նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավար Թուրքի Ֆայսալի հետ իր ինքնանկարը: