Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալամոնի Դէմ Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակո՞ւմ

February 23, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապահովական աղբիւրներ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդեցին, որ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր Պեքաայի հիւսիսային շրջանին մէջ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վերեւ թռիչքներ կատարած են եւ երկու հրթիռներ արձակած Սուրիոյ արեւելեան Քալամոնի Քաթիֆա շրջանը, առանց նիւթական կամ մարդկային վնասներ պատճառելու: Աղբիւրները ընդգծեցին, որ իսրայէլեան յարձակումը լիբանանեան հողերուն չէ եղած:

«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով սուրիական զինուորական աղբիւրներ, նախապէս հաղորդած էր, որ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած է Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող Ժրուտ Նահլէ շրջանը: Ըստ լրատու գործակալութեան, իսրայէլեան օդուժը առաւօտեան ժամը երեքին ցած բարձրութեան վրայ իրերայաջորդ թռիչքներ կատարած են Պաալպեքի եւ անոր արուարձաններուն վերեւ: «Նաշրա» կայքը իր կարգին հաղորդած էր, որ Պեքաայի Նահլա շրջանին մէջ երէկ արշալոյսին իսրայէլեան ռմբակոծումի ուժգին ձայն լսուած է, եւ աղբիւրներ հաւանական նկատած են, որ իսրայէլեան օդուժը թիրախ դարձուցած ըլլայ զինուորական բեռնատարեր:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ գիշեր յարձակում գործած է Դամասկոսի գիւղական շրջանին դէմ: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը` վկայակոչելով աղբիւրներ, հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը վեց հրթիռներ արձակած է Դամասկոսի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Քաթիֆա լերան շրջանը:

Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութիւնը, սակայն, հերքեց լուրը` յայտնելով. «Ճիշդ չեն այն լուրերը, թէ իսրայէլեան յարձակումներ գործուած են Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայի Ժրուտ Նահլէ շրջանին եւ լեռնաշղթային ու սուրիական Քալամոնի մէջ դիմադրութեան դիրքերու դէմ»:

Իսրայէլեան օդուժը 30 նոյեմբեր 2016-ին Դամասկոսի գիւղական Սապուրա շրջանին դէմ արձակած էր երկու հրթիռներ, սակայն մարդկային ու նիւթական վնասներ չէին արձանագրուած:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Յաղթարշաւը Տուպայի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Յաղթեց Եգիպտոսի` 98-80 Արդիւնքով

Յաջորդը

«Ռաքքայի Գործողութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Դիրքորոշման Մէջ Փոփոխութիւն Կայ» Կ’ըսէ Ըշըք

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.